ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱՄՈՒՏԸ
Ռուսաստանի վերընտրեալ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ երդուելով ձեռնարկեց նոր պաշտօնավարութեան շրջանին։ Քլեմլինի պալատին մէջ տեղի ունեցաւ Փութինի պաշտօնամուտը՝ մինչ արարողութիւնը միջազգային բեմահարթակի վրայ միանշանակ վերաբերմունքի չարժանացաւ՝ մասնաւորապէս արեւմտեան պլոքի երկիրներու մասնակցութեան տեսակէտէ։
ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Էօզկիւր Էօզէլ եւ ՄՀՓ-ի կուսակցապետ Տեւլէթ Պահչելի երէկ հանդիպում մը ունեցան Անգարայի մէջ։ Երկու կուսակցութիւններու ղեկավարներուն միջեւ սա եօթ տարուան ընդհատումէ մը վերջ առաջին հանդիպումն էր։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Նիկոլ Փաշինեան եւ Վլատիմիր Փութին վաղը շուրջ տարի մը անց պիտի տեսակցին Մոսկուայի մէջ:
Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկի դէպի Եւրոպա ուղեւորութիւնը առաջնահերթօրէն կը զբաղեցնէ միջազգային օրակարգը։ Իր շրջագայութեան առաջին կանգառը հանդիսացաւ Ֆրանսան, ուրկէ ան կ՚ուղեւորուի նաեւ դէպի Սերպիա եւ Հունգարիա։
Հայաստանի հասարակութեան մէջ կուտակուած հակազդեցութիւնը դուռ կը բանայ ներքին նոր խմորումներու:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ Ալմաթիի մէջ նախատեսուած հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ մայիսի 10-ին։ Երկու նախարարներու այս հանդիպման միջոցէ մը ի վեր կը սպասուէր հետաքրքրութեամբ։
Թուրքիա եւ Իրան իսլամական աշխարհի առաջնահերթութիւն կը համարեն Կազզէի պատերազմը:
Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկ ներկայ շաբթուան սկիզբին ուղեւորութեան մը ձեռնարկած է դէպի Եւրոպա, որու ծրագիրը կ՚ընդգրկէ Ֆրանսան, Սերպիան եւ Հունգարիան։ Ան հինգ տարի վերջ Եւրոպայի մէջ կ՚ունենայ շփումներ, որոնց ընթացքին իրեն կ՚ընկերանայ նաեւ առաջին տիկինը:
«Քարնեկի» հիմնարկի աւագ փորձագէտ Թոմաս տը Վաալ «Ազատութիւն» ռատիօկայանին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսաւ. «Ռուսաստան կը փափաքի իր սահմանապահները տեղակայել Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ»։