ՄԻՋԱՆՑՔԻ ԲԱՑՈՒՄԸ ՄԻՇՏ ԿԻԶԱԿԷՏԻՆ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան ՆԱԹՕ-ի Ուաշինկթընի գագաթաժողովէն վերադարձի ճանապարհին հերթական անգամ խօսեցաւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն մասին։ Օդանաւին մէջ լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ ան պատասխանեց հետեւեալ հարցման. «Իրանի մէջ նախագահ փոխուեցաւ։ Հայաստանի մէջ Փաշինեան խաղաղութեան կողմնակից նախադասութիւններ կը գործածէ։
Լոյտ Օսթին եւ Անտրէյ Պելոուսով կապուեցան ՆԱԹՕ-ի Ուաշինկթընի գագաթաժողովէն անմիջապէս վերջ:
Մոսկուա միշտ կը քննադատէ Երեւանի կողմէ առնուած քայլերը՝ յարձակելով նաեւ Արեւմուտքի վրայ
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յոյս յայտնեց, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը կը ստորագրուի եւ կը տիրէ հաշտութիւն։ «Կը փափաքիմ տեսնել այդ հաշտութիւնը՝ որքան հնարաւոր է շուտ», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, որ թէ՛ Երեւանի եւ թէ Պաքուի իշխանութիւնները դրական քայլերու կը ձեռնարկեն այս ուղղութեամբ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Ուաշինկթընի մէջ մասնակցեցաւ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի տանտիրութեամբ կազմակերպուած պաշտօնական ընթրիքին։
Ֆրանսայի Ռուան քաղաքին մէջ երէկ ծագած հրդեհը միջազգային լրահոսին մէջ առաջնահերթ տեղ գտաւ։ Այսպէս, Ռուանի Մայր տաճարի գմբէթէն սկսան ծուխեր բարձրանալ՝ մինչ բոլոր այցելուները տարհանուեցան։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարին միջնորդութեամբ, ՆԱԹՕ-ի 75-ամեակի յոբելենական գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս հանդիպում՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ, որոնց ուղիղ շփման առընթեր՝ միջազգային հաւաքի միւս մասնակիցներու՝ մասնաւորապէս Եւրոպական Միութեան անդամ զանազան երկիրներու յարակից տեսակցութիւններուն ընթացքին շօշափուեցաւ տարածաշրջանի իրադրութիւնը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ