ԴԻՄԱԿԱՒՈՐ ԲՌՆԱՐԱՐՔ
Պիւյիւքտէրէի Սանթա Մարիա իտալական եկեղեցւոյ մէջ հաւատացեալ մը զոհ զինեալ յարձակման:
ԻՇԻՊ-ի երկու ահաբեկիչները ձերբակալուեցան գիշերուան ժամերուն: Նախագահ Էրտողան կապ հաստատեց հովիւին հետ:
Պիւյիւքտէրէի Սանթա Մարիա իտալական եկեղեցւոյ մէջ հաւատացեալ մը զոհ զինեալ յարձակման:
ԻՇԻՊ-ի երկու ահաբեկիչները ձերբակալուեցան գիշերուան ժամերուն: Նախագահ Էրտողան կապ հաստատեց հովիւին հետ:
Հայկական երաժշտութեան կենդանի առասպել մաէսթրօ Տիգրան Մանսուրեանի ծննդեան 85-ամեակին առթիւ շաբաթավերջին յոբելենական համերգ մը տեղի ունեցաւ Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս։ Մեծանուն վարպետը թէեւ պատուոյ օթեակէն հետեւեցաւ ձեռնարկին, սակայն լեփլեցուն դահլիճի արուեստասէրներուն իրեն նկատմամբ համակրանքն ու յարգանքը կը թեւածէր ամէնուրեք եւ ան արդար հպարտութեամբ հաղորդ դարձաւ այդ բոլորին։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգերու պետական քարտուղարի տեղակալ Վիքթորիա Նուլանտ շաբաթավերջին այցելեց Անգարա, ուր հիւրընկալուեցաւ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի կողմէ։ Այս այցելութիւնը զուգադիպեցաւ Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ ստեղծուած նոր իրավիճակին, ինչ որ պայմանաւորուած է Շուէտի ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան եւ «Ֆ-16»ներու գործարքին նման կնճռոտ հարցերու յաղթահարումով։
Իպրահիմ Քալըն անցեալ շաբթուան Պաղտատի շփումներէն վերջ այցելութիւն մըն ալ տուաւ Էրպիլ:
Թուրքիա բոլոր հարթութիւններու վրայ նոր նախաձեռնութիւններով յամառ պայքար կը մղէ ՓՔՔ-ի ահաբեկչութեան դէմ:
Հայաստանի մէջ կառավարութիւնը կրթութեան ոլորտէն ներս այս շրջանին կը դիմէ շարք մը նոր քայլերու, որոնք հանրային կարծիքին մօտ կ՚ընկալուին լուրջ տարակուսանքով։ Այսպէս, դպրոցներու մէջ «Հայոց պատմութիւն» դասը կը վերածուի «Հայաստանի պատմութեան»։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) ձմեռնային իր նստաշրջանին չէ վաւերացուցած Ատրպէյճանի պատուիրակութեան հաւատարմագրերը։ Պատճառները, հիմնականին մէջ, երկու հատ են՝ Լաչինի միջանցքի փակումը եւ Արցախի հայ բնակչութեան փաստացի վտարումը։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան. «Կը յուսամ՝ Ատրպէյճանի յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններէն վերջ բանակցային գործընթացը լիարժէք ծաւալ կը ստանայ»:
Տարածաշրջանային կայունութեան ուղղութեամբ հետեւողական քայլերու սպասման մթնոլորտին մէջ Թիֆլիզ կ՚ակնկալէ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի շուտափոյթ ստորագրումը:
Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբը հանդէս պիտի գայ յոբելենական համերգով մը՝ մեծարելու համար վարպետը:
Մաէսթրօ Տիգրան Մանսուրեանի տարեդարձը կ՚արժեւորուի՝ Սերկէյ Սմբատեանի գլխաւորած կազմի կատարումներով հանդիսաւոր մթնոլորտի մէջ:
Թուրքիոյ եւ Անգլիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ կարեւոր բանակցութիւններ՝ Իսթինիէի ապառանքի երդիքին տակ:
Նախագահ Էրտողան եւ Հաքան Ֆիտան Տէյվիտ Քեմրընին հետ Իսթանպուլի մէջ արժեւորեցին միջազգային եւ տարածաշրջանային հրատապ բոլոր հարցերը:
Հայաստան յառաջիկայ գարնան մէկ ամսով պիտի դառնայ Մարսի հետազօտական կեդրոնը։ Այս նախագիծը կեանքի պիտի կոչուի Երեւանի եւ Վիեննայի համագործակցութեամբ։