ՊԱՔՈՒԻ ԵՐԿԱԿԻ ԽՕՍՈՅԹԸ
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յոյս յայտնեց, որ խաղաղութեան ներկայ առանձնայատուկ հնարաւորութիւնը բաց չի թողուիր։ Պուքրէշ այցելութեան ընթացքին ան շեշտեց, որ երեսուն տարի անց Ատրպէյճանի տարածքներու բռնագրաւման աւարտը եւ Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան վերականգնումը նոր հեռանկարներ կը բանան Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման առջեւ։