ՊԵՏԱԿԱՆ ՅԵՂԱՇՐՋՄԱՆ ՓՈՐՁԻՆ ԴԷՄ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 8-ՐԴ ՏԱՐԻՆ. 15 ՅՈՒԼԻՍԻ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՕՐ
Բովանդակ Թուրքիան այսօր կը նշէ՝ 15 Յուլիսի ժողովրդավարութեան եւ ազգային միասնականութեան օրը։ Արդէն ութ տարի անցած է պետական յեղաշրջման փորձէն եւ անոր դէմ ցուցաբերուած պատմական դիմադրութեան վրայէն։ Այդ սարսափելի գիշերը անմոռանալի կը մնայ սերունդներու յիշողութեան մէջ՝ մինչ յարգանքով կ՚ոգեկոչուին այն 251 նահատակները, որոնք ինկան ՖԵԹԷՕ ահաբեկչական կազմակերպութեան դաւադրական նախաձեռնութեան հետեւանքով։
Իրանի նորընտիր նախագահին ստորագրած յօդուածը լայն արձագանգ գտաւ միջազգային գետնի վրայ:
Թուրքիա այս շրջանին Մերձաւոր Արեւելքի ուղղեալ նախաձեռնութիւններուն մէջ Կազզէի պատերազմին համազօր առաջնահերթութիւն կ՚ընծայէ նաեւ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն։ Անգարա-Դամասկոս առանցքին վրայ, ըստ երեւոյթին, հասունցած է բնականոնացման գործընթաց մը։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Գերմանիա, ուր հրաւիրուած էր ՈՒԷՖԱ-ի կողմէ՝ Պերլինի մէջ հետեւելու համար «Եւրօ-2024»ի աւարտականին։
Պաքուի ղեկավարութիւնը շաբաթավերջին հիւրընկալեց ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Հելկա Շմիթը, որ ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի կողմէ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի տեղակալ Ուզրա Զէյա շաբաթավերջին այցելեց Երեւան։ Բարձրաստիճան դիւանագէտը դէպի Հարաւային Կովկաս ձեռնարկած է ուղեւորութեան մը, որու առաջին փուլին շփումներ ունեցաւ Թիֆլիզի մէջ, ուրկէ անցաւ Երեւան։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, յառաջիկայ աշնան նախատեսուած նախագահական ընտրութեան ընդառաջ զգայացունց իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Այսպէս, շաբաթավերջին ձախող մահափորձ մը տեղի ունեցաւ նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի դէմ, որ Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ վերստին թեկնածու առաջադրուած է։
Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» 21-րդ շարժանկարի միջազգային փառատօնը շաբաթավերջին եզրափակուեցաւ հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, փառատօնի եզրափակիչ փուլը բնորոշեց մրցանակաբաշխման արարողութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Երեւանի Շարժանկարի տան համալիրէն ներս։
Հայկական մարզաշխարհը վերջին օրերուն ուշադրութեամբ հետեւեցաւ Եւրոպայի պասքեթպոլի առաջնութեան։ ՖԻՊԱ-ի կողմէ կազմակերպուած՝ մինչեւ 16 տարեկաններու «Եւրոպասքեթ-2024»ի C խմբաւորման մէջ Հայաստան նուաճեց երրորդ հորիզոնականը։
Ամբողջ մարզական աշխարհի ուշադրութիւնը երէկ կեդրոնացած էր Եւրոպայի ֆութպոլի առաջնութեան աւարտականին վրայ։ Այսպէս, «Եւրօ-2024»ի ախոյեանը դարձաւ Սպանիոյ ազգային հաւաքականը, որ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Անգլիան։