ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄԸ ՄԻՇՏ ՅՍՏԱԿ
Երեւանի մօտ Գերմանիոյ դեսպան Ռայնէլ Մորէլ Երեւանի մէջ մասնակցեցաւ «ՆԱԹՕ-Հայաստան յարաբերութիւնները՝ նոր մարտահրաւէրներու լոյսի ներքոյ» խորագրով խորհրդաժողովին։ Ան իր ելոյթին մէջ յայտարարեց, թէ վստահ է, որ օր մը Գերմանիա պիտի ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը։