Լրահոս

«ՊԱՊԱ»ԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏԸ…

​Թուրքիոյ քաղաքական կեանքէն ներս յատկանշական ժամանակաշրջան մը եզրափակուեցաւ՝ Հանրապետութեան իններորդ նախագահի տխուր կորուստով:
Կառավարութիւնը սուգ հաստատեց բովանդակ երկրին մէջ:
Սիւլէյման Տէմիրէլ 91 տարեկան հասակին աչքերը փակեց կեանքին, մինչ ամբողջ ժողովուրդը երախտագիտութեամբ կը վերյիշէ իր վիթխարի ծառայութիւնները:

 

ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ ՈՒ ՑՆՑԻՉ ԿՈՐՈՒՍՏ

2015 խորհրդանշական թուականի ոգեկոչումներու յուզումնախառն մթնոլորտին մէջ հայ ժողովուրդը զրկուեցաւ իր համբաւաւոր զաւակներուն մէկէն:
Երեւանի մէջ ազգային ժողովի երդիքին տակ յարգանքի լռութիւն:
Աշխարհահռչակ գործարար, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային հերոս Գըրգ Գրգորեան 98 տարեկան հասակին մահացաւ Պեւըրլի Հիլզի բնակարանի յարկէն ներս:
 

 

ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆԻ ՄՕՏ ՀԻՒՐԵՐ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ըն­դու­նեց Ի­րա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Իպ­րա­հիմ Ռա­հիմ Փու­րը։ Ող­ջու­նե­լով իր հիւ­րը Նալ­պան­տեան նշեց, որ Հա­յաս­տան եւ Ի­րան կա­պուած են ա­ւան­դա­կան ջերմ, փոխ­շա­հա­ւէտ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րով, ո­րոնց վկա­յու­թիւնն է միջ­պե­տա­կան բարձր մա­կար­դա­կով երկ­խօ­սու­թիւ­նը, տար­բեր բնա­գա­ւառ­նե­րէ ներս աշ­խոյժ փոխ­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։

ՍՏԵՂԾՈՒԵՑԱՒ ԳԻՏԱԿԱՆ ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԻՆ

Զբօ­սաշր­ջու­թեան հայ­կա­կան հիմ­նար­կին մէջ ստեղ­ծուե­ցաւ գի­տա­կան զբօ­սաշր­ջու­թեան բա­ժին մը։ Նիւ­թին շուրջ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց Զբօ­սաշր­ջու­թեան հայ­կա­կան հիմ­նար­կի վե­րա­տե­սուչ Ռո­պէրթ Մի­նա­սեան, որ ը­սաւ, թէ յի­շեալ կա­ռոյ­ցը ստեղ­ծուած է Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ եւ Ե­րե­ւա­նի մօտ Ռու­սաս­տա­նի դես­պա­նա­տան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ։

ՊԱՀԱՆՋԻ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒՄ

Անթիլիասի կողմէ հաղորդագրութիւն մը հրապարակուեցաւ Թուրքիոյ մէջ բացուած դատին շուրջ:
Ըստ իրաւաբաններու պարզաբանումներուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը՝ որպէս իրաւատէր կը ձգտի Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի վերադարձին եւ ո՛չ թէ անոր փոխարէն հատուցման:

«ԱՐԻ ՏՈՒՆ-2015»

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած «Ա­րի տուն» ծրագ­րի այս տա­րուան ա­ռա­ջին փու­լին բա­ցու­մը ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը։ Սփիւռ­քա­հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հայ­րե­նա­ճա­նաչ­ման ուղ­ղեալ այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը վեր­ջին տա­րի­նե­րուն հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն յա­ռաջ կը տա­րուի նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ։

ԺԱՄԿԷՏԵՐՈՒ ՆԱԽԱՆՇՈՒՄ

​Ճէյմս Ուորլիք խօսեցաւ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ նոր հանդիպում մը կազմակերպելու ուղղեալ ջանքերուն շուրջ:
Կարէն Միրզոյեան. «Ատրպէյճանի կողմէ պատերազմի մշտական սպառնալիքներու առկայ մթնոլորտին մէջ անհնար է խօսիլ զիջումներու մասին»:

ԹԻՖԼԻԶԻ ՋՐՀԵՂԵՂԻՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՈՎ ԶՈՀՈՒԱԾ ՀԱՅՈՑ ԹԻՒԸ ԲԱՐՁՐԱՑԱՒ ՉՈՐՍԻ

Թիֆ­լի­զի մէջ պա­տա­հած ջրհե­ղե­ղին ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Մինչ ա­ղէ­տի հե­տե­ւանք­նե­րը կը հաս­նին ան­հա­ւա­տա­լի հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րու, ե­րէկ հա­սաւ եւս եր­կու հա­յե­րու մա­հուան գոյ­ժը։

ՄՈՎՍԷՍ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻՆ ՆՈՐ ՊԱՇՏՕՆ

Հայ­կա­կան զի­նեալ ու­ժե­րու բարձր հրա­մա­նա­տա­րա­կան կազ­մին մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ փո­փո­խու­թիւն մը։ Այս­պէս, Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հրա­մա­նագ­րով՝ իր պաշ­տօ­նէն ա­զա­տուե­ցաւ ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գա­հի տե­ղա­կալ զօ­րա­վար Լեո­վա Մնա­ցա­կա­նեան։

ՀՅԴ ԴԱՐՁԱՒ PES-Ի ԱՆԴԱՄ

Հայ յե­ղա­փո­խա­կան դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը (ՀՅԴ) դար­ձաւ Եւ­րո­պա­կան ըն­կեր­վա­րա­կան­նե­րու կու­սակ­ցու­թեան (PES) ան­դամ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ Պու­տա­փեշ­տի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած PES-ի 10-րդ հա­մա­գու­մա­րին ըն­թաց­քին հաս­տա­տուած է ՀՅԴ­-ի ան­դա­մակ­ցու­թիւ­նը՝ դի­տոր­դի կար­գա­վի­ճա­կով։

Էջեր