Լրահոս

ՆԱԹՕ-Ի ՀԱՒԱՔ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

ՆԱ­ԹՕ-ի Խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վը 18-20 Յու­նիս թուա­կան­նե­րուն մի­ջեւ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վին հետ կը կազ­մա­կեր­պէ «Ռոզ-Ռոթ» 89-րդ խորհր­դա­ժո­ղո­վը՝ «Ա­պա­հո­վու­թիւ­նը ու կա­յու­նու­թիւ­նը Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի մէջ. մնա­յուն խա­ղա­ղու­թեան խթա­նու­մը շրջա­նին մէջ» խո­րագ­րով։

ՈՒՇԱԳՐԱՒ ՀԵԾԵԼԱՐՇԱՒ

«Պո­ղա­զի­չի» հա­մալ­սա­րա­նի Պատ­մու­թեան ֆա­քիւլ­թէի ու­սա­նող Մուս­թա­ֆա Իշ­չի­լէր ո­րո­շած է պատ­մա­գի­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու նպա­տա­կով Վա­նէն հե­ծա­նի­ւով ու­ղե­ւո­րուիլ դէ­պի Ե­րե­ւան։ Իշ­չի­լէր կը փա­փա­քի գրի առ­նել այդ շրջան­նե­րու մէջ բնա­կող մար­դոց յի­շո­ղու­թիւն­ներն ու պատ­մու­թիւն­նե­րը։

ՍԴՀԿ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ՔՍԱՆՆԵՐՈՒՆ ԱՃԻՒՆԸ

Սո­ցիալ Դե­մոկ­րատ Հնչա­կեան կու­սակ­ցու­թիւ­նը (ՍԴՀԿ) պա­հան­ջա­գիր մը ներ­կա­յա­ցու­ցած է Իս­թան­պու­լի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան՝ պա­հան­ջե­լով ա­ճիւն­նե­րը այն քսան կու­սակ­ցա­կան ըն­կեր­նե­րուն, ո­րոնք կա­խա­ղան բարձ­րա­ցուած էին 15 Յու­նիս 1915-ին։

«ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ» 11-ՐԴ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑՈՅԹԸ

Ե­րե­ւա­նի մէջ վեր­ջերս կազ­մա­կեր­պուած «Ա­րամ Խա­չա­տու­րեան» մի­ջազ­գա­յին մրցոյ­թը ար­ժա­նա­ցաւ ե­րաժշ­տա­կան աշ­խար­հի ան­մի­ջա­կան հե­տաքրք­րու­թեան։ 11-րդ ան­գամ կազ­մա­կեր­պուած այս մրցոյ­թը ի­րա­կա­նա­ցաւ «Ucom» ըն­կե­րու­թեան հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ։

ՊԵԼԺԻԱ ԿԸ ՃԱՆՉՆԱՅ ԵՂԵՌՆԸ

Պել­ժիոյ խորհր­դա­րա­նը ե­րէկ սկսաւ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­ցող բա­նա­ձե­ւի քննար­կում­նե­րուն։ Վար­չա­պետ Շարլ Մի­շէլ ընդգ­ծեց, որ 1915-17 թուա­կան­նե­րուն տե­ղի ու­նե­ցած ող­բեր­գա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը պէտք է ճանչ­ցուին որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն։

ԳՐԳՈՐԵԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Յայտ­նի գոր­ծա­րար ու բա­րե­րար նո­րոգ հան­գու­ցեալ Գըրգ Գրգո­րեա­նի յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ, ըն­տա­նի­քին եւ մօտ հա­րա­զատ­նե­րու նեղ մի­ջա­վայ­րին մէջ, ըստ իր կտա­կին։ Այս մա­սին «Ար­մէնփ­րէս»ին տե­ղե­կու­թիւն­ներ տո­ւաւ «Գա­լի­ֆոր­նիա Քու­րիըր» թեր­թի խմբա­գիր Յա­րութ Սա­սու­նեան։

ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՊԸ ԿՈՉ Կ՚ՈՒՂՂԷ ՕԺԱՆԴԱԿԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ

Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի քրիս­տո­նեա­նե­րու տա­ռա­պանք­նե­րը լու­սար­ձա­կի տակ պա­հե­լու կոչ մը հնչեց Վա­տի­կա­նէն, Ա­րե­ւե­լեան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու օգ­նու­թեան հաս­նե­լուն նպա­տա­կով կազ­մա­կեր­պուած ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին։ Հռո­մի Ֆրան­սիս­քոս Ա. Սրբա­զան Պա­պը յայ­տա­րա­րեց, թէ ո­մանց հա­մար հա­զա­րա­ւոր մար­դոց կեան­քե­րէն ա­ւե­լի կա­րե­ւոր դար­ձած է զէնքն ու ու­ժա­նիւ­թը։

ՃԱԲՈՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Ե­րե­ւա­նի մօտ Ճա­բո­նի դես­պան Էյ­ծի Թա­կու­չի այ­ցե­լեց Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին, ուր ըն­դու­նուե­ցաւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին կող­մէ։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը նշա­նակ­ման առ­թիւ շնոր­հա­ւո­րեց Էյ­ծի Թա­կու­չին եւ յոյս յայտ­նեց, որ նոր դես­պա­նի գոր­ծու­նէու­թեան շնոր­հիւ հայ-ճա­բո­նա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ա՛լ ա­ւե­լի կը ջեր­մա­նան, եր­կու բա­րե­կամ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հա­մար կը բա­ցուին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան նո­րա­նոր հե­ռան­կար­ներ։

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ՝ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ ՀԵՏ

Յու­նա­հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նոր­դա­կան Տե­ղա­պահ Տ. Խո­րէն Ա­բե­ղայ Ա­ռա­քե­լեան, ըն­կեր­կա­ցու­թեամբ Թե­մա­կան խոր­հուր­դի փոխ-ա­տե­նա­պետ Մե­րու­ժան Հար­թե­նեա­նի եւ Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) Յու­նաս­տա­նի մաս­նա­ճիւ­ղի ա­տե­նա­պետ Տիգ­րան Ա­բա­սեա­նի, հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Յու­նաս­տա­նի հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ Տ.Տ. Հե­րո­նի­մոս Բ.-ի հետ։

Էջեր