ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՓՈՒԹԻՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ՊԱՔՈՒ
Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին 12-13 Յունիս թուականներուն պիտի այցելէ Ատրպէյճանի մայրաքաղաքը՝ Պաքու, ուր պիտի մասնակցի Եւրոպական առաջին խաղերու բացման։ Պաքու այցելութեան օրերուն Փութին պիտի մէկտեղուի նաեւ իր գործընկերոջ՝ Իլհամ Ալիեւի հետ եւ անոր հետ պիտի քննարկէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցը։