Լրահոս
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՔԱՅԼԸ ՌԻՍՔԱՅԻՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերման նպատակով Թուրքիոյ Սահմանադրական ատեանին մօտ բացուած դատին արձագանգները կը շարունակուին։ Այս կապակցութեամբ, քաղաքագէտ Էդիկ Յովսէփեան «tert.am» կայքէջին ըրաւ յայտարարութիւններ։
ՏԷՄԻՐԷԼ ՎԱՂԸ ՀՈՂԻՆ ՊԻՏԻ ՅԱՆՁՆՈՒԻ
Թուրքիոյ Հանրապետութեան իններորդ նախագահ Սիւլէյման Տէմիրէլի մահը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել երկրի օրակարգը։ Սիւլէյման Տէմիրէլի յուղարկաւորութիւնը վաղը տեղի պիտի ունենայ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, պետական արարողակարգով նախատեսուած պատշաճութիւններու շրջագծին մէջ։
12-ՐԴ «ՈՍԿԷ ԾԻՐԱՆ»Ը
Յուլիսի 12-ին Երեւանի մէջ սկսելիք փառատօնին ընդառաջ ստեղծուած է մեծ ոգեւորութիւն:
Կազմակերպիչներն ու հովանաւորները ամէն ջանք ի գործ կը դնեն հիւրերու ակնկալութիւնները գոհացնելու նպատակով:
ԱՇԽՈՅԺ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ
ԱՆԳԼԻՈՅ ԼՈՐՏԵՐՈՒ ՊԱԼԱՏԻՆ ՄԷՋ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Անգլիոյ Լորտերու պալատը նախընթաց օր քննարկեց հայկական հարցը։ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը Անգլիոյ խորհրդարանի պաշտօնական կայքէջի հաղորդումներու հիման վրայ տեղեկացուց, թէ Պարոնուհի Քերըլայն Քոքս այս առթիւ օրակարգի վրայ բերաւ 1915 թուականին հայոց, յոյներու եւ ասորիներու զանգուածային սպանութիւններու հարցը։
ԳՐՈՂ ՔԱՏԻՐ ԱՔԸՆԻ ԱՅՑԸ
Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան ղեկավարներէն Եղիա Ճէրէճեան Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Թուրքիայէն գրող Քատիր Աքընը։ Այս վերջնոյն այցելութիւնը զուգադիպեցաւ Հնչակեան քսան կախաղաններու տարելիցին։
ՊԱՐԶԱՆԻԻ ԿՈՂՄԷ ԽՈՍՏՈՒՄ
Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան ղեկավար Մեսուտ Պարզանի յայտարարութիւններ ըրաւ անկախ Քիւրտիստանի մը հռչակման ժամկէտներուն շուրջ։ Քրդական լրատուամիջոցներու հաղորդումներուն հիման վրայ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը տեղեկացուց, թէ Պարզանի յայտնած է, որ նոյն պաշտօնին վերընտրուելու պարագային, յառաջիկայ երկու տարիներու ընթացքին Քիւրտիստանը պիտի հռչակէ անկախ պետութիւն։
ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՐՑԵՐՈՎ ԺՈՂՈՎ
Թուրքիա մօտէն կը հետեւի Սուրիոյ իրադարձութիւններուն, որոնց շրջագծով իր սահմանին վրայ կ՚ապրուին կարեւոր զարգացումներ։ Թուրքիա-Սուրիա սահմանի երկայնքով այս շրջանին կը վերաձեւաւորուին հաւասարակշռութիւնները, որովհետեւ սահմանի միւս կողմը հակակշիռը ձեռք կ՚անցընեն նոր ուժեր։