Լրահոս
IFEA-Ի ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Լիբանանի, Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի հայկական վարժարաններու կացութեան շուրջ ընդհանուր համեմատութիւններ եւ վիճակագրական տուեալներ:
Արեւմտահայերէնի ուսուցման հարցերուն շրջագծով Տքթ. Անահիտ Տօնապետեան խօսեցաւ հայ դպրոցի առաւելութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն մասին:
ՄԱՔՐԱԳՈՐԾՄԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄ
Անգարա կը ձգտի բոլոր ուղղութիւններով զարգացնել Էրպիլի հետ համագործակցութիւնը:
Թրքական կողմը կը փափաքի Հիւսիսային Իրաքէն ՓՔՔ-ի ամբողջութեամբ դուրս թողուիլը:
ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր երկօրեայ աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Փարիզ՝ մասնակցելու համար ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ընդհանուր համաժողովի 38-րդ նստաշրջանին, որուն շրջագծով նախատեսուած է նաեւ իր ելոյթը։
ՀԱՅՏՈՍԹԵԱՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ տեսակցեցաւ Պէյրութի Հայկազեան Հայագիտական համալսարանի վերատեսուչ Փոլ Հայտոսթեանի հետ, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան։ Նախագահ Սարգսեան զրոյցի ընթացքին առաջին հերթին Հայկազեան համալսարանի 60-ամեայ յոբելեանին կապակցութեամբ շնորհաւորութիւններ յղեց Հայտոսթեանին։
ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՎ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի գլխաւորութեամբ երէկ Չանքայայի ապարանքին մէջ տեղի ունեցաւ բարձր մակարդակի խորհրդակցութիւն մը՝ անվտանգութեան նիւթերու շուրջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Ահմէտ Տավուտօղլու այս առթիւ հրահանգած է, որ յառաջիկայ ձմրան եւս ահաբեկչութեան դէմ գործողութիւնները շարունակուին անընդհատ։
ԾԱՒԱԼՈՒՆ ՕՐԱԿԱՐԳ
ԱԼԻԵՒ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՎՐԱՍՏԱՆ
Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ այսօր երկօրեայ պաշտօնական այցելութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Թիֆլիզ, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը հիւրընկալուի Վրաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Կը հաղորդուի, որ Ալիեւ հանդիպումներ կ՚ունենայ Վրաստանի Նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլիի, Խորհրդարանի նախագահ Տաւիտ Ուսուպաշվիլիի եւ Վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի հետ։
ԱՆԸՆԴՀԱՏ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երէկ տեսակցեցաւ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի հետ:
Չանքայայի ապարանքին մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ անվտանգութեան հարցերով բարձր մակարդակի խորհրդակցութիւն մը: Թուրք զինեալ ուժերը Հիւսիսային Իրաքի մէջ լուրջ հարուածներ հասցուցին ահաբեկչական լծակներուն:
ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ ԼՈՒՐՋ ԱՃ
ԵՄ յանձնառու է շարունակելու հաւասարակշռուած քաղաքականութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ:
Երեւան ուշադրութիւն կը հրաւիրէ սահմանամերձ շրջաններու բնակիչներու անվտանգութեան ուղղեալ սպառնալիքներուն վրայ՝ հասցէական ու ճիշդ ժամանակով յայտարարութիւններու ակնկալութեամբ միջազգային հանրութեան կողմէ:


