ՎԵՆԵՏԻԿԻ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ
Եւրոխորհուրդի «Ժողովրդավարութիւն՝ իրաւունքի միջոցաւ» յանձնաժողովի ներկայացուցիչները այս օրերուն շփումներ կ՚ունենան Երեւանի մէջ։
Եւրոխորհուրդի «Ժողովրդավարութիւն՝ իրաւունքի միջոցաւ» յանձնաժողովի ներկայացուցիչները այս օրերուն շփումներ կ՚ունենան Երեւանի մէջ։
Պաշտօնաթերթին մէջ հրապարակուելով ի զօրու դարձաւ Հանրապետութեան նախագահին որոշումը՝ ընտրութիւններու կրկնութեան մասին:
Էրտողանի եւ Տավուտօղլուի միջեւ այս առաւօտ տեղի ունեցած տեսակցութիւնով սկսաւ ժամանակաւոր կառավարութեան ձեւաւորման աշխատանքը:
Արցախի սահմանին վրայ կ՚ապրուին բախումներ, որոնք կ՚ուղղորդուին ապատեղեկատուութիւններով:
Երեւան հերքեց Պաքուի պնդումները ու տեղեկացուց՝ թէ Ատրպէյճան տուած է չորս զոհեր:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի թելադրութեամբ Կիլիկեան Աթոռէն խումբ մը միաբաններ անցեալ շաբաթավերջին այցելեցին Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի տարածքը։
Անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութիւնը կը շարունակէ բռնարարքներ իրականացնել երկրին մէջ։ Ամբողջ երկիրը ցասումով միացած է ՓՔՔ-ի դէմ եւ բռունցքի մը նման կը հակազդէ ահաբեկչութեան։
Արդուինի մէջ երէկ ապրուեցաւ ահաւոր բնական աղէտ մը։ Ջրհեղեղի եւ հողասահքի հետեւանքով բառին բուն իմաստով ողբերգութիւն մը յառաջացաւ քաղաքին մէջ։
Էրտողան այսօր կը տեսակցի Իսմէթ Եըլմազի հետ, ինչ որ կը բնորոշէ նախընտրական շրջանի սկիզբը:
Տավուտօղլու զանազան կուսակցութիւններէ նախարարի թեկնածուներուն առաջարկ պիտի ներկայացնէ անհատական հիմքով:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Վերջին շաբաթներուն Լիբանան այցելողները նկատած են, որ երկրին մէջ խնդրի վերածուած աղբահանութեան հարցը կրնայ քաղաքական տագնապի վերածուիլ: Մինչ 22 Օգոստոս Շաբաթ երեկոյ քաղաքացիական աքթիւիսթներ բողոքի մեծ հաւաք մը կատարեցին Պէյրութի սրտին վրայ գտնուող վարչապետարանին՝ «Մեծ Սարայլ»ին մօտ, անդին այսօր՝ Երկուշաբթի, մայրաքաղաքի բոլոր փողոցներուն մէջ երեւելի պիտի դառնան «աղբաբլրակ»ները:
Սերժ Սարգսեան շաբաթավերջին Գեղարքունիքի եւ Կոտայքի մէջ այցելեց ճամբարներ:
«Աշխարհին մէջ կան շատ մարտահրաւէրներ, որոնք կրնան յաղթահարուիլ համատեղ ուժերով»:
Երեւանի մօտ Ճաբոնի դեսպան Էյճի Թակուչի յայտարարեց, որ ամէն տարի իր երկրէն տասը հազար հոգի կ՚այցելէ Հայաստան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան ըսաւ, թէ ներկայիս դեսպանատունը կ՚ուսումնասիրէ առեւտուրի եւ ներդրումներու ոլորտէն ներս համագործակցութեան հնարաւորութիւնները։