ԺԱՄԱՆԱ՛ԿՆ Է ՈՐ ԻՐԱՆ ԲԱՑՈՒԻ ԱՇԽԱՐՀԻՆ
ՏՔԹ. ՆՈՒՊԱՐ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ջերմակորիզային համաձայնութիւնը, որ կնքուեցաւ Աւստրիոյ մայրաքաղաքը՝ Վիեննայի մէջ, Իրանի եւ վեց գերպետութեանց միջեւ, անկասկած պատմական անկիւնադարձային, ուշագրաւ դէպք մըն է։ Այդ վեց պետութիւններն են Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ապահովութեան խորհուրդի հինգ մնայուն անդամները - Միացեալ Նահանգները, Ռուսաստանը, Ֆրանսան, Մեծն Բրիտանիան ու Չինաստանը - ինչպէս նաեւ Գերմանիան։ Այս առիթով մասնակից եղաւ Եւրոպական միութիւնը եւս։