ՉԱՐԼԶ ՔՈՒՓՉԱՆԻ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի Եւրոպայի հարցերով աւագ տնօրէն եւ Նախագահ Պարաք Օպամայի գլխաւոր օգնական Չարլզ Քափչան երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը այս շրջագծով հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի կողմէ։


Թուրքիա եւ Գերմանիա Սուլթանահմէտի հրապարակի ահաբեկչութենէն վերջ լիակատար փոխըմբռնման մէջ:
Հայաստանի մէջ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, երէկ Հին տոմարի համաձայն եւս նշուեցաւ Ամանորը։ Այս աւանդութիւնը տակաւին կենդանի է Հայաստանի մէջ եւ առիթ կը հանդիսանայ, որ ամէն տարեմուտին տօնական շրջանը երկարաձգուի՝ Ամանորի եւ հին ամանորի միացումով, մօտաւորապէս երկու շաբթուան ժամանակահատուածով մը։
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանը այս տարի կը բոլորէ իր 40-րդ տարեշրջանը՝ շարունակելով ուսումնական-դաստիարակչական իր փայլուն գործունէութիւնը իբրեւ առաջնակարգ կրթական հաստատութիւն՝ նոր իրագործումներու եւ ձեռքբերումներու լայն հեռանկարներով եւ ծրագիրներով: