ՈՉ ԵՒՍ Է ԴԱԼԻԲԱԼԹԱՅԵԱՆ
Հայաստանի մէջ 89 տարեկան հասակին իր մահկանացուն կնքեց երկրի բանակի կայացման յառաջամարտիկ, զօրավար-գնդապետ Գուրգէն Դալիբալթայեան։ Ան ծնած էր 1926-ին, Վրաստանի մէջ։
Հայաստանի մէջ 89 տարեկան հասակին իր մահկանացուն կնքեց երկրի բանակի կայացման յառաջամարտիկ, զօրավար-գնդապետ Գուրգէն Դալիբալթայեան։ Ան ծնած էր 1926-ին, Վրաստանի մէջ։
Եւրոպական միութեան նախարար Ալի Հայտար Քոնճա հայկական ցեղասպանութեան վերաբերեալ իրեն ուղղեալ հարցումի մը պատասխանելով՝ յայտարարեց, թէ կարծեցեալն ու իրականը որեւէ տարբերութիւն չունին։ «Բացորոշ ու յստակ է, որ կոտորած մը կատարուած է։
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ
Այրերու տիրական ներկայութեամբ յատկանշուող կատակերգութեան ասպարէզին մէջ վերջին տարիներուն սկսած է «գլուխ ցցել» գրող, դերասանուհի, հասարակական գործիչ Էյմի Շումըր, որ բոլորովին վերջերս այրերու այլ մարզ մը նկատուող զէնքի տարածման դէմ պայքարին մէջ եւս «քիթը մխրճած է»: Եթէ հաւաքական քանդումի զէնքերու տարածումը այսօր մարդկութեան հրատապ հարցերէն մին է, նուազ կենսական չէ Միացեալ Նահանգներու բնակչութեան համար անհատական զէնքերու աւելի խիստ հսկողութեան հարցը:
Ատրպէյճանի տնտեսութիւնը գրեթէ ամբողջութեամբ հիմնուած է քարիւղի արտահանման վրայ։ Կասպից ծովու քարիւ­
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ դէպի Ատրպէյճան:
Սէրկէյ Լաւրով եւ Էլմար Մամէտեարով բանակցութիւններուն ընթացքին կ՚անդրադառնան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին:
Հայ ժողովուրդը երէկ ունեցաւ մեծ կորուստ մը։ Այսպէս, 83 տարեկան հասակին իր մահկանացուն կնքեց մեծանուն բարերար, սփիւռքահայ գործիչ եւ ամերիկահայ գործարար Վահագն Յովնանեան։ Սա իսկապէս մեծ ու անփոխարինելի կորուստ մըն է, որովհետեւ Վահագն Յովնանեան հայկական Սփիւռքի խորհրդանշական ու տիրական դէմքերէն մին էր ու բերած էր վիթխարի նպաստ մը հայ ժողովուրդի կեանքին։
Նոյեմբերի 1-ին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ ստեղծուած ժամանակաւոր կառավարութեան կազմին մէջ յայտնի դարձան փոխ-վարչապետներու լիազօրութիւններու բնագաւառները։ Այսպէս, Անգարայէ հասած լուրերուն համաձայն, Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը մաս պիտի կազմէ Փոխ-վարչապետ Նուման Քուրթուլմուշի վերահսկողութեան յանձնուած կառոյցներու շարքին։
Հայաստանի վաստակաւոր մշակոյթի գործիչներէն բանաստեղծ, գրականագէտ ու թարգմանիչ Հենրիկ Էդոյեան այս օրերուն կը նշէ իր ծննդեան 75-ամեայ յոբելեանը։ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 75-րդ տարեդարձին կապակցութեամբ շնորհաւորական մը ուղարկած է Հենրիկ Էդոյեանին։
Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութեան եւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին միջեւ Երեւանի մէջ ստորագրուեցաւ համագործակցութեան յուշագիր մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երկու կառոյցներու ղեկավարները այս փաստաթուղթը հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ ստորագրեցին կազմակերպուած արարողութեան ընթացքին։