Լրահոս
ԴԷՊԻ ԵՒՐՈՊԱ ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանի այս օրերուն ուղեւորութիւն մը կ՚իրականացնէ դէպի Եւրոպա։ Թեհրանի միջուկային ծրագրին շուրջ ձեռք բերուած միջազգային համաձայնութեան եւ անոր դէմ սահմանուած պատժամիջոցներու ջնջման յաջորդած ներկայ ժամանակաշրջանին կը զուգադիպի այս ուղեւորութիւնը, որ ունի պատմական նշանակութիւն։
ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԵԱՆ ԽՄԲԱԿԻՆ ԿՈՂՄԷ ԼՈՒՐՋ ՔԱՅԼ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները հանդէս եկան յայտարարութիւնով մը, որով անդրադարձան այն հակահայ բանաձեւերուն, որոնք շրջանառութեան մէջ կը գտնուին Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին (ԵԽԽՎ) մօտ։
ՕԼԱՆՏ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ CCAF-Ի ԸՆԹՐԻՔԻՆ
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ այս Հինգշաբթի՝ Յունուարի 28-ի երեկոյեան Փարիզի մէջ պիտի մասնակցի Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգման խորհուրդի (CCAF) տարեկան պաշտօնական ընթրիքին։
Հայկական-Միջազգային Գործարար Համաժողով Փարիզի Մէջ
Հայկական-միջազգային գործարար համաժողովը տեղի պիտի ունենայ Փարիզի մէջ, 16 Ապրիլի 2016-ին Westin Paris-Vendôme հիւրանոցին մէջ:
ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԸ ԱՒԱՐՏԱԾ
Օքսֆորտ համալսարանին մէջ կազմակերպուած «Արեւմտահայերէնը 21-րդ դարուն» խորագրեալ խորհրդաժողովը շաբաթավերջին հասաւ իր աւարտին
ԼԻԱԿԱՏԱՐ ՓՈԽԸՄԲՌՆՈՒՄ
Ճօ Պայտըն շաբաթավերջին Իսթանպուլի մէջ հիւրընկալուեցաւ Էրտողանի եւ Տավուտօղլուի կողմէ:
Թուրքիա եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ հասարակաց թշնամի կը համարեն ահաբեկչական կազմակերպութիւնները:
ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԵՒ ՌՈՒՀԱՆԻ ԽՕՍԵՑԱՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆՈՎ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, անոնք քննարկեցին հայ-իրանական բարեկամական յարաբերութիւններուն եւ համագործակցութեան ընթացքին վերաբերեալ նիւթեր։ Երկու նախագահները շօշափեցին նաեւ միջազգային եւ տարածքաշրջանային օրակարգի շարք մը արդի հարցերը։
ԱՆՆԻԿ ԺԻՐԱՐՏԷՆԻ ԱՅՑԸ
Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան զարգացման ու ֆրանսախօսութեան գծով պետական քարտուղար Աննիկ Ժիրարտէն շաբաթավերջին շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Հարկ է նշել, որ ան միեւնոյն ժամանակ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան մօտ անձնական ներկայացուցիչն է՝ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի։
ՖԵՏԵՐԻՔԱ ՄՈԿԵՐԻՆԻԻ ԱՆԳԱՐԱ ԱՅՑԸ
Եւրոմիութեան Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆետերքիա Մոկերինի այսօր շփումներ կ՚ունենայ Անգարայի մէջ, ուր կը հիւրընկալուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Դէպի Թուրքիա պաշտօնական այցելութեան ընթացքին իրեն կ՚ընկերանան Եւրոյանձնաժողովի Ընդլայնման ու հարեւանութեան քաղաքականութեան գծով կոմիսար Եոհաննէս Հան եւ Մարդասիրական օժանդակութեան ու ճգնաժամերու կառավարման գծով կոմիսար Խրիստոս Սթիլիանիտէս։

