Լրահոս

«ՀԱՅՃԱՐ»ԻՆ՝ ՇՔԱՆՇԱՆ

«Հայ­ճար»ի վար­չու­թեան նա­խա­գահ Ժան Կավ­րի­լոֆ եւ նախ­կին ա­տե­նա­պետ, վար­չու­թեան ան­դամ ու հիմ­նա­դիր­նե­րէն Նա­զա­րէթ Պի­նաթ­լը Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ պար­գե­ւատ­րուե­ցան «Ար­շիլ Կոր­քի» շքան­շա­նով՝ Ճար­տա­րա­պետ­նե­րու մի­ջազ­գա­յին օ­րուան առ­թիւ։

ՀԱՆՐԱՔՈՒԷԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ըն­դու­նեց Վե­նե­տի­կի յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ճիա­նի Պու­քի­քիոն։ Նա­խա­գա­հի մամ­լոյ ծա­ռա­յու­թեան փո­խանց­մամբ, նա­խա­գա­հը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Վե­նե­տի­կի յանձ­նա­ժո­ղո­վի այն ան­դամ­նե­րուն, ո­րոնք մաս­նա­գի­տա­կան բարձ­րո­րակ օ­ժան­դա­կու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­ցին սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րու մաս­նա­գի­տա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վին։

ՆՈՊԷԼԸ՝ ՍՊԻՏԱԿ ՌՈՒՍԻՈՅ

Գրա­կա­նու­թեան բնա­գա­ւա­ռի մէջ 2015-ի Նո­պէ­լեան մրցա­նա­կը շնորհուե­ցաւ Սպի­տակ Ռու­սիա­յէ գրող Սվետ­լա­նա Ա­լեք­սիե­ւի­չին։ Իր գրչին կը պատ­կա­նին «Պա­տե­րազ­մը կա­նա­ցի դէմք չու­նի», «Չեր­նո­պի­լեան ա­ղօթք» եւ այլ գե­ղա­րուես­տա­կան-վա­ւե­րագ­րա­կան գիր­քեր եւ այլ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ։

ՆԱԹՕ-ԷՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՊԱՏԳԱՄ

ՆԱ­ԹՕ-ի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար­նե­րը այ­սօր կը մէկ­տե­ղուին Պրիւք­սե­լի մէջ՝ քննար­կե­լու հա­մար Ռու­սաս­տա­նի կող­մէ Սու­րիոյ մէջ ի­րա­կա­նա­ցուած օ­դա­յին գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը։ Մինչ այդ, ՆԱ­ԹՕ-ի Ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Եէնս Շթոլ­թեն­պերկ յայ­տա­րա­րեց, թէ ՆԱ­ԹՕ պատ­րաստ է զի­նուոր ա­ռա­քե­լու Թուր­քիա՝ հա­րա­ւա­յին սահ­մա­նէն գա­լիք հա­ւա­նա­կան սպառ­նա­լիք­նե­րու դի­մաց պաշտ­պա­նե­լու հա­մար իր դաշ­նա­կի­ցը։ 

ՊԱՏՈՒԱԲԵՐ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ

​Տարրաբանութեան Նոպէլեան մրցանակը ՏՆԱ-ի ուսումնասիրութեանց համար յանձնուեցաւ Փրոֆ. Ազիզ Սանճարին:
Գրականութեան ճիւղէն ներս վիպագիր Օրհան Փամուքէն ետք Թուրքիայէն անուն մը եւս արժանացաւ համաշխարհային մեծագոյն այս պարգեւին:

ԱՆԿԵԼԱ ՄԵՐՔԷԼ՝ ՄԻՇՏ ԴԷՄ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէլ կրկնեց իր դիր­քո­րո­շու­մը այն մա­սին, թէ դէմ է Թուր­քիոյ Եւ­րո­պա­կան միու­թեան ան­դա­մակ­ցու­թեան։ Վար­չա­պե­տը այս մա­սին յայտ­նեց գերմանական ARD հե­ռա­տե­սի­լի կա­յա­նին մէջ սփռուած հա­ղորդ­ման մը մի­ջո­ցին, պատասխանելով Աննէ Վիլի հարցումին։

Էջեր