ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ՂԱԶԱԽԻՍՏԱՆ ԿԸ ՁԳՏԻՆ ԶԱՐԳԱՑՆԵԼ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան դէպի Աստանա պաշտօնական այցելութեան շրջանակներէն ներս հիւրընկալուեցաւ Ղազախիստանի նախագահ Քասըմ Ճէօմերթ Թոքայեւի կողմէ։ Երկու նախագահները ունեցան առանձնազրոյց մը, որմէ վերջ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ ֆրանսահայ համայնքը զրկուած է իր տիրական դէմքերէն՝ Կարպիս Ափրիկեանէն, որ 98 տարեկան հասակին կնքած է մահկանացուն։ Վաստակաշատ երաժշտագէտ, յօրինող ու խմբավար Կարպիս Ափրիկեանի մահը խոր ցաւ յառաջացուցած է ֆրանսահայ շրջանակներէն ներս։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր յայտնեց, որ Ուաշինկթըն երբեք չէ կապած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի հաւանական ստորագրումը՝ Պաքուի մէջ ՄԱԿ-ի կլիմայի փոփոխութեան համաժողովի՝ COP29-ի կազմակերպման հետ։
Ռուսաստանի վարչապետ Միխայէլ Միշուսթին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, վարչապետները քննարկեցին Մոսկուա-Պաքու ռազմավարական գործընկերութեան ընթացիկ հարցերը։
Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Նուման Քուրթուլմուշ երէկ Ժընեւի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի հետ։ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ գործընթացէն ներս երկու երկիրներու միջեւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփումները այս շրջանին իրարու կը յաջորդեն։
Թրքահայ գիտնական փրոֆ. Տարօն Աճէմօղլու դարձաւ Նոպելի տնտեսութեան մրցանակի դափնեկիր։ Տնտեսագէտ Տարօն Աճէմօղլու Նոլպելեան մրցանակը նուաճեց՝ Սայմըն Ճոնսընի եւ Ճէյմս Ռապինսընի հետ։
Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան Ատրպէյճանը զգուշացուց՝ տարածաշրջանէն ներս օտար պետութիւններու հաստատման կամ ներթափանցման հաւանական հետեւանքներուն դէմ։
Հայաստանէն եօթնամեայ դաշնակահարուհի Անի Մելիքեան արժանացաւ երիտասարդ դաշնակահարներու միջազգային առաջին բացարձակ մրցանակին։ Իտալիոյ Պարի քաղաքին մերձակայ Աքուաւիւա տելէ Ֆոնթիի մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդ երաժիշտներու «Colafemmina Piano» ութերորդ միջազգային մրցոյթը։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Նիւ Եորքէն.-
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան յայտարարեց, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը տեսանելի ապագային կրնայ իրականանալ։ Մինչ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը կը շարունակուի առանց շօշափելի արդիւնքներու՝ կողմերը կը շարունակեն լաւատես յայտարարութիւններով հանդէս գալ։