«ԲՈԼՈՐԻՆ ՀԱՄԱՐ ՋՈՒՐ»
Բարեյիշատակ լուսանկարիչ Նիքոլաս Մանկինասի յիշատակին կազմակերպուած միջազգային լուսանկարչութեան մրցոյթը այս տարի կազմակերպուեցաւ երրորդ անգամ ու պսակուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ։ Նիքոլաս Մանկինաս անժամանակօրէն մահացած էր 2021 թուականին եւ այդ տարիէն ի վեր այս միջազգային մրցոյթը կը կազմակերպուի՝ իր յիշատակը վառ պահելու համար։
«Թուրքիա կը պաշտպանէ Սուրիոյ տարածքին ամբողջականութիւնը եւ աչք չունի որեւէ երկրի հողին վրայ»:
Սուրիոյ շաբաթավերջի իրադարձութիւնները առիթ հանդիսացան, որպէսզի միջազգային բեմահարթակի վրայ ուշադրութիւնը վերստին թեքուի Թուրքիոյ վրայ։ Անգարայի ղեկավարութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր անդրդուելի քաղաքականութիւն մը կը վարէր Դամասկոսի պարագային։
«Արաս» եւ «Իսթոս» հրատարակչութիւնները այս շաբաթավերջին հետաքրքրական ձեռնարկներու շարք մը կազմակերպած էին՝ Ամանորի ընդառաջ։ Ընդհանրապէս ամանորեան սեղաններու եւ խոհանոցի մշակոյթի վերաբերեալ ծրագիր մըն էր այս մէկը, որ կեանքի կոչուեցաւ գրքի տօնավաճառի ձեւաչափին մէջ։
Միջազգային հանրային կարծիքի՝ մանաւանդ Եւրոպայի ուշադրութիւնը շաբաթավերջին կեդրոնացած էր Փարիզի վրայ, ուր տեղի ունեցաւ մայրաքաղաքի մայր տաճարի՝ պատմական Նոթրը Տամի պաշտամունքի վերաբացման փառաշուք արարողութիւնը։
Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան մասնակցեցաւ Պահրէյնի հիւրընկալմամբ կազմակերպուած՝ «Մանամայի երկխօսութիւն» միջազգային ֆորումին, որու շրջանակներէն ներս տեղի ունեցած ասուլիսի մը ժամանակ անդրադարձաւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։
«Կիկոյի հետ առաջ ու յետ»ը գրասէրները կ՚առաջնորդէ բազմաշերտ ստեղծագործական աւանդ մը բացայայտելու:
Մինչ Սուրիոյ մէջ բուռն իրադարձութիւնները կը շարունակուին, Թուրքիա-Ռուսաստան-Իրան առանցքին վրայ ալ շփումները կը խտանան։ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այսօր Տոհայի մէջ կը մէկտեղուի Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան համոզուած է, թէ աշխարհի վրայ առկայ այժմու մարտահրաւէրները ստիպողութիւն կը ստեղծեն՝ առաւել զգօն ըլլալու համար խաղաղութեան եւ կայունութեան վերաբերեալ հարցերու մէջ։
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան նախընթաց օր Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթինի հետ։ Փենթակոնէ ներս տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որու ընթացքին Սուրէն Պապիկեան մանրամասնութիւններ ներկայացուց Հայաստանի բանակէն ներս ձեռնարկուած բարեփոխումներուն վերաբերեալ։