Լրահոս

ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՍԱՀՄԱՆԱՊԱՀՆԵՐԸ ԵՐԷԿ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ԴՐՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՍՏԱՏՈՒԵՑԱՆ ԿԻՐԱՆՑ ԳԻՒՂԻ ՍԱՀՄԱՆԱԶԱՏՈՒԱԾ ՄԱՍԻՆ ՄԷՋ

Հայկական լրահոսին մէջ արձագանգ գտաւ, որ երէկ ժամը 18.00-ի դրութեամբ Ատրպէյճանի սահմանապահները արդէն հաստատուած են Հայաստանի սահմանակից Կիրանց գիւղի՝ սահմանազատուած մասին մէջ։ Կիրանցի քաղաքապետ Կամօ Շահինեան այս կապակցութեամբ յայտարարութիւններ ըրաւ «www.tert.am» կայքէջին։

ԵՐԵՒԱՆ-ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԿԱՊԵՐԸ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱՑՄԱՆ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՏԵՍԱԿԷՏԷ ԿԱՐԵՒՈՐ ԽԹԱՆ

Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան երէկ տեսակցեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի տեղակալ Ուզրա Զէյայի հետ, որ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Բարձրաստիճան դիւանագէտը պատասխանատու է քաղաքացիական անվտանգութեան, ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւանց գծով։

ՍԵՐԿԷՅ ԼԱՒՐՈՎ ԵՒ ԱԼԻ ՊԱՂԵՐԻ ՔԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ալի Պաղերի Քանիի հետ։ Իրանի մօտաւոր անցեալի արտահերթ նախագահական ընտրութեան յաջորդած ժամանակաշրջանին սա առաջին բարձր մակարդակի ուղղակի շփումն է Մոսկուա-Թեհրան առանցքին վրայ։

«ԲԱՐԴ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ»

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր յայտնեց, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան անհաւանական յառաջընթաց արձանագրած են, բանակցութիւններուն մէջ երկար ճանապարհ անցած են, յամենայնդէպս, ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրին հասնիլը կողմերէն կը պահանջէ կարգ մը բարդ ընտրութիւններ եւ դժուար զիջումներ կատարել։

ԱՊԱԳԱՅԻ ԴԱՇԻՆՔ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ՄԱԿ-է ներս բարձր մակարդակի հանդիպման մը մասնակցեցաւ:
Երեւան վճռորոշ նշանակութիւն կու տայ միջազգային հանրութեան համերաշխութեան եւ արդիւնաւէտ համագործակցութեան:

ՀԱՅ-ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԶՕՐԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հայաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զօրքերուն մասնակցութեամբ երէկ սկսան «Արծիւ գործընկեր-2024» ռազմափորձերը։ Այս համատեղ զօրավարժութիւններու սկիզբին հանդիսաւոր արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ՝ մասնակցութեամբ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի եւ Երեւանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Քրիստինա Քվինի։

ՊԵՏԱԿԱՆ ՅԵՂԱՇՐՋՄԱՆ ՓՈՐՁԻՆ ԴԷՄ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 8-ՐԴ ՏԱՐԻՆ. 15 ՅՈՒԼԻՍԻ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՕՐ

Բովանդակ Թուրքիան այսօր կը նշէ՝ 15 Յուլիսի ժողովրդավարութեան եւ ազգային միասնականութեան օրը։ Արդէն ութ տարի անցած է պետական յեղաշրջման փորձէն եւ անոր դէմ ցուցաբերուած պատմական դիմադրութեան վրայէն։ Այդ սարսափելի գիշերը անմոռանալի կը մնայ սերունդներու յիշողութեան մէջ՝ մինչ յարգանքով կ՚ոգեկոչուին այն 251 նահատակները, որոնք ինկան ՖԵԹԷՕ ահաբեկչական կազմակերպութեան դաւադրական նախաձեռնութեան հետեւանքով։

ԴՐԱԿԱՆ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐ

Թուրքիա այս շրջանին Մերձաւոր Արեւելքի ուղղեալ նախաձեռնութիւններուն մէջ Կազզէի պատերազմին համազօր առաջնահերթութիւն կ՚ընծայէ նաեւ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն։ Անգարա-Դամասկոս առանցքին վրայ, ըստ երեւոյթին, հասունցած է բնականոնացման գործընթաց մը։

Էջեր