ՀԲԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՄ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ՊԱՏԳԱՄԸ


Շիշլիի քաղաքապետ Ռեսուլ Էմրահ Շահան երէկ առաւօտ համախմբուեցաւ մամլոյ սպասաւորներու խումբի մը հետ։ 10 յունուարի Գործող լրագրողներու օրուան ընդառաջ կազմակերպուած էր այս հաւաքոյթը, որուն հրաւիրուած էին նաեւ փոքրամասնութեանց մամլոյ ներկայացուցիչներ։
Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Իրանի ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Էքպէր Ահմատիանը, որ նախօրէին այցելած էր նաեւ Պաքու։ Իրանի պատուիրակութիւնը Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարները շօշափեցին Թուրքիա-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային օրակարգի հարցերը։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Երեւան-Անգարա յարաբերութիւններու կարգաւորումը կրնայ դիւրացնել Երեւան-Պաքու կարգաւորման գործընթացը։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, Գալիֆորնիա նահանգէն ներս ծագած մեծ հրդեհները այս շրջանին վերածուած են աղմկայարոյց իրադարձութեան՝ միջազգային հանրային կարծիքի անմիջական ուշադրութեան առարկայ դառնալով։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հիւրընկալեց Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավարութեան վարչապետ Մեսրուր Պարզանին։ Իրաքեան Քիւրտիստանի վարչապետը Պեշթեփէի համալիրէն ներս հիւրընկալուեցաւ Հանրապետութեան նախագահին կողմէ։
Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ հասարակութիւնը վերջին օրերուն յատկանշական իրադարձութիւններ ապրեցաւ։ Կաթողիկէ հայերը 2025 թուականը դիմաւորեցին՝ նոր պատրիարքական կառավարիչով մը. յանձինն՝ Հ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան Գերապայծառին։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Գոհութիւն եւ փառք Ամենակալին Աստուծոյ, որ այս տարի եւս հասած ենք Աստուածայայտնութեան մեծ տաղաւարի տօնակատարութեան։
Սուրիոյ ղեկավար Ահմէտ էլ Շարա նախընթաց օր տեսակցեցաւ երկրի քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու հոգեւոր առաջնորդներուն հետ։ Նոր տարուայ եւ Ս. Ծննդեան շրջանին զուգադիպած հանդիպման հրաւիրուած էր նաեւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Դամասկոսի թեմի առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպսկ. Նալպանտեան (լուսանկարին մէջ ձախ ծայրամասին)։