ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԿՈՂՄԷ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՄ
«Նոր Յառաջ» (Փարիզ).-
Հայաստանի կրթական համակարգի միջազգային համարկման ուղղութեամբ վերջին շրջանին տեղի կ՚ունենան ուշագրաւ զարգացումներ։ Այս ծիրին մէջ են նաեւ այն հաղորդումները, ըստ որոնց Ֆրանսա կը ճանչնայ Հայաստանի դպրոցականներու վկայականները։
Հայաստանի վարչապետը տեսակցեցաւ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու դեսպաններուն հետ:
Հայկական ֆութպոլի արդի մեծագոյն աստղը՝ Հենրիխ Մխիթարեան ընդգրկուեցաւ աշխարհի լաւագոյն 50 ֆութպոլէօրներու ցանկին մէջ։ Goal.com կայքէջի վարկածով ընթացիկ տարուան 50 լաւագոյն խաղացողներու շարքին է 27-ամեայ Հենրիխ Մխիթարեան, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի կիսապաշտպանն է ու ներկայիս Անգլիոյ մէջ կը կրէ «Մենչըսթըր Եունայթըտ» ակումբի մարզաշապիկը։
Երեւանի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ միջհամալսարանական ցուցահանդէս-փառատօն մը։ «Կտոր մը կրակ» խորագրեալ այս ձեռնարկին շրջագծով ներկայացուած են բազմաթիւ ստեղծագործութիւններ, որոնք կ՚արժանանան այցելուներու հետաքրքրութեան։
Թաքսիմ մարզակումբի հիմնադրութեան 75-ամեակը երէկ երեկոյեան նշուեցաւ խանդավառ ձեռնարկով մը:
Ալեքսանա Ղուզէ քարանձաւային համալիրէն հնագէտները 6.5 հազար տարուան վաղեմութիւն ունեցող ատամ մը պեղած են: