«ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՅԺՄ ԿԸ ՓՈՐՁԷ ՓՈԽԵԼ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ԹԱՓԸ»
Հայաստանի ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան յայտնեց, որ Երեւան այժմ կը փորձէ փոխել Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանային թափը։ «Երեւանեան երկխօսութիւն» երկրորդ միջազգային համաժողովի շրջանակներէն ներս մասնակցած ասուլիսին ժամանակ ան ընդգծեց, որ անվտանգութեան ոլորտէ ներս միայն մէկ աղբիւրի վրայ յենուիլը պարզապէս չ՚աշխատիր։
Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփումներ ունեցաւ Մոսկուայի մէջ։ Քրեմլինի պալատէն ներս ան ընդունուեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։
Արարատ Միրզոյեան. «Մարդկութիւնը դէմ յանդիման է մեծ անորոշութեան, բայց սա աշխարհի վերջը չէ»:
«Երեւանեան երկխօսութիւն» երկրորդ համաժողովը այս առաւօտ սկսաւ՝ համախմբելով միջազգային ընտանիքէն բազում ներկայացուցիչներ։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։
Երեւանէն կը դիտարկուի, թէ Մոսկուա տարածաշրջանի ծրագիրները կը համաձայնեցնէ Անգարայի հետ:
Այս երկուշաբթի պիտի սկսի՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած «Երեւանեան երկխօսութիւն» միջազգային համաժողովը։ Այս տարի արդէն երկրորդ անգամ հայկական դիւանագիտութիւնը հանդէս կու գայ նման նախաձեռնութեամբ մը։
Երեւանի ղեկավարութիւնը յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պիտի հիւրընկալէ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարրոն, որ երկուշաբթի պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Հայաստան։
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը իրականացնել հնարաւոր կ՚ըլլայ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման, նաեւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման պարագային։
Մոնրէալի «Ալեք Մանուկեան» վարժարանի հիմնադրութեան 55-ամեակին առթիւ յոբելենական ձեռնարկ:
Հայաստանի բոլոր թանգարաններու եւ գրադարաններու կոթողներու պահպանման ճանապարհին լուրջ քայլ: