ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Գումգաբուի Աթոռանիստ Ս. Աստուածածին Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեանի, ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանի եւ իր գործակից ընկերներուն այցելեցին Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։
Համահայկական վեցերորդ խաղերուն մասնակցելիք Իսթանպուլի խումբը վաղը պիտի ուղեւորուի Երեւան։ Կարգադիր յանձնախումբին կողմէ հաղորդուեցաւ, թէ Իսթանպուլի պատուիրակութիւնը կը բաղկանայ 140 հոգիէ։
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը 2015-ի մթնոլորտէն ներս կը վերարժեւորէ իր նահատակ աշխատակիցներուն գործերը:
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Լեւոն Կիսասարկաւագ Քիրէմիտճեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։
Սուրուչի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան կապակցութեամբ Պատրիարքական Աթոռը յաչս պետութեան պաշտօնապէս վշտակցութիւն յայտնեց։ Այսպէս, երէկ, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ցաւակցական մը ուղարկեց Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանին։