ԾԱՂԻԿ ՉՈԼԱՔԻ ՀԱՄԱՐ ՄԵԾԱՐԱՆՔ
Տատեան վարժարանի խումբ մը շրջանաւարտներ Պագըրգիւղի մարինայի «Քազանճըլար» ճաշարանին մէջ մեծարանքի հաւաքոյթ մը կազմակերպեցին ի պատիւ վաստակաւոր կրթական մշակ Ծաղիկ Չոլաքի, որ այս տարեշրջանի աւարտին հանգստեան կոչուեցաւ թաղի վարժարանէն։ Իր զանազան սերունդներէ սաներուն կողմէ շրջապատուած՝ մեծարեալը առարկայ դարձաւ բոլորի յարգանքի եւ համակրանքի զգացումներուն։


Շիշլի մարզակումբի ճատրակի կազմը ախոյեան հանդիսացաւ Իսթանպուլի ակումբներու առաջնութեան շրջագծով։ Գարթալի քաղաքապետութեան մարզասրահին մէջ, 23-31 Մայիս թուականներուն տեղի ունեցաւ մրցաշարքը, որու ընթացքին շիշլիցիները յաղթական դուրս եկան իրենց բոլոր հանդիպումներէն։
Պատրիարքական Աթոռի թանգարանը ստացաւ պաշտօնական ճանաչում։ Ինչպէս ծանօթ է, Պատրիարքարանի պատմական համալիրէն ներս վերջին տարիներուն սկսած է գործել Աթոռի երանաշնորհ գահակալներէն Յովհաննէս Թ. Բաղիշեցի Կոլոտ Պատրիարքին անուան ձօնուած թանգարանը, որուն ներկայիս շնորհուած է պաշտօնական կարգավիճակ։