Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՎԱՔԸՖԼԸԳԻՒՂ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս շաբաթավերջին կ՚այցելէ Վաքըֆլըգիւղ՝ Ս. Աստուածածնի տօնին առթիւ։ Ան տեղւոյն Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կը նախագահէ տաղաւարի հանդիսութիւններուն, կը պատարագէ եւ իր պատգամը կը փոխանցէ՝ գիւղի բնակչութեան եւ ուխտաւորներուն։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շաբաթավերջին այցելութիւն մը տուաւ մեր համայնքի երիցագոյն անդամուհիներէն 103-ամեայ Վարսէն Օրունճաքճըէլին, որու տարեդարձը կը նշուէր։