ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀՈՒՆՁՔԸ ՀՐԱԺԵՇՏ ԱՌԱՒ ՇՔԵՂ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆՈՎ ՄԸ
Գալֆաեան Տան ընտանիքը ոգեւոր հանդիսութիւնով մը հրաժեշտ տուաւ վարժարանի այս տարուան հունձքին։ Սկիւտարի սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցած շրջանաւարտութեան հանդէսը համախմբեց Գալֆաեան ընտանիքին պատասխանատուները, այս տարուան ընթացաւարտներն ու իրենց ծնողները։
Սեբաստահայոց Հայրենակցական միութեան հաւաքատեղիի պաշտօնական բացման արարողութիւնը շաբաթավերջին արժանացաւ համայնքային շրջանակներու անմիջական ուշադրութեան։ Գուրթուլուշի մէջ շէնքի մը մուտքին հաստատուած է միութեան նոր հաւաքատեղին, որու պաշտօնական բացման ժամանակ ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն։
Տարեվերջեան խանդավառութիւնը տիրեց նաեւ Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ Այսպէս, առաջին դասարանի փոքրիկները խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ նշեցին Ընթերցման տօնը։