ՍԻՊԻԼԻ ՔՆՔՈՅՇ ՁԱՅՆԻ ՎԱՌ ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՆԵՐՔԵՒ
Մեներգչուհի Սիպիլի արտասահմանեան շրջագայութիւնները միշտ կ՚ունենան լայն արձագանգ եւ իր ելոյթները կ՚արժեւորուին երկար ժամանակի վրայ տարածուած։ Նոյնը պատահած է նաեւ դէպի Աւստրալիա իր վերջին ուղեւորութեան պարագային։