ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ՔԷՐՄԷՍԻ ՀԱՄԱՐ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի ծնողաց միութենէն Ժանէթ Արծիւեանն ու Թանիա Պալճըն։ Անոնք մեզի տեղեկացուցին, որ Ամանորի ընդառաջ աւանդական քէրմէսի նախապատրաստական աշխատանքները թափով կ՚ընթանան ի նպաստ Մէրամէթճեան վարժարանի։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մանրամասնութիւններ յանձնած է պատկան մարմիններու նկատառման:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շաբաթավերջին հիւրընկալեց Անգարայի մօտ Սպանիոյ դեսպան Ռաֆայէլ Մենտիվիլ Փէյտրոն։ Նորին Սրբազնութիւնը տեղեկութիւններ փոխանցեց Պատրիարքական Աթոռի գործունէութեան եւ թրքահայ համայնքային կեանքի մասին։
Սարըեէրի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ երէկ երեկոյեան «The Grand Tarabya» պանդոկին մէջ կազմակերպուեցաւ ընթրիք մը, որուն մասնակցեցան դիւանակալական, քաղաքական, դիւանագիտական, ակադեմական, փոքրամասնութիւններու, հասարակական եւ մամլոյ շրջանակներէն բազում դէմքեր։
Պէզճեան Մայր վարժարանի Ծնողաց միութեան նախաձեռնութեամբ երէկ երեկոյեան Գումգաբուի Պէզճեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընթրիք մը, որու ընթացքին գործադրուեցաւ երաժշտական յայտագիր։ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի կողմէ օրհնուած սեղաններուն շուրջ համախմբուեցան երեկոյթի մասնակիցները, որոնք խանդավառ պահեր ապրեցան մենակատար Զէքերիա Իւն-լիւի կողմէ գործադրուած յայտագրով։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ընդունեց Ալթըմէրմէրի Գլխադիր Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ տիկնանց խնամակալութեան անդամուհիները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Պատրիարքական Աթոռը որոշած է պարգեւատրել մեր համայնքի բարերարուհիներէն Մոնիք Երկանեանը։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի տնօրինութեամբ յառաջիկայ օրերուն իրեն պիտի շնորհուի «Կոլոտ» շքանշանը։ Ինչպէս ծանօթ է, երանաշնորհ Յովհաննէս Բաղիշեցի Պատրիարքի յիշատակին հաստատուած այս շքանշանը կը շնորհուի բարերարներուն։
Էսաեան վարժարանի Ծնողաց միութիւնը երէկ ճաշկերոյթ մը կազմակերպեց Պաքըրգիւղի «Էֆէնտիմ» ճաշարանին մէջ։ Վարժարանի համակիրները այս առթիւ հաճելի ժամանց ունեցան՝ երաժշտական յայտագրի գործադրութեամբ։ Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն մը։
Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ երէկ երեկոյեան ելոյթ մը ունեցաւ յայտնի արուեստագէտ Արամ Կոստանեան։ Ուսուցչաց օրուան յաջորդ ժամանակաշրջանին, Թըր-քահայ ուսուցչաց հիմնարկի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած երեկոյթ մըն էր այս մէկը, որ ձօնուած էր մեր կրթական մշակներուն։
Կը տեղեկանանք, որ ներկայ շաբթուան երկրորդ կէսին Գարակէօզեան Տան համալիրէն ներս պիտի ոգեկոչուի անմոռանալի թատերական գործիչ Արթօ Պէրպէրեան։ Յառաջիկայ 1 Դեկտեմբերին Արթօ Պէրպէրեանի մահուան 17-րդ տարելիցը պիտի նշուի եւ այս առթիւ իր հարազատներուն կողմէ նախատեսուած է ծրագիր մը։