ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՔԷՐՄԷՍ
Ամանորի սեմին Գատըգիւղի մէջ տեղի ունեցաւ քէրմէս մը։ Ս. Թագաւոր Դպրաց Դաս-երգչախումբը Գատըգիւղի համանուն եկեղեցւոյ «Պալըքճեան» սրահին մէջ կազմակերպեց այս ձեռնարկը, որու մասնակից թաղեցիները բաժնեցին տօնական շրջանի հրճուանքը։
Էսաեան վարժարանի աշակերտները վերջերս ճատրակի մէջ արձանագրեցին փայլուն յաջողութիւններ։ Պէյօղլուի շրջանի վարժարաններուն միջեւ կազմակերպուած մրցաշարքի մը շրջագծով անոնք ապահովեցին դափնիներ, ինչ որ արժանացաւ մեծ գնահատանքի։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ նախագահեց Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ արարողութիւններուն:
Պաքըրգիւղի Տատեան սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին ձեռնարկ մը կազմակերպուեցաւ Ամանորի առթիւ։ Միութեան երդիքին տակ զանազան դասընթացքներու մասնակից փոքրիկներուն համար նախատեսուած խրախճանք մըն էր այս մէկը։
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբը Ամանորի շրջանին կը տեւականացնէ աւանդութիւնները։ Տօնական օրերու ուրախութենէն առաւելագոյն բաժինը կը վիճակի մանկապատանեկան կազմի անդամներուն։
Մեր գեղարուեստական աշխարհի համակրելի ու արժէքաւոր անուններէն Միհրան Թովմասեան եւ Սարօ Ուսթա երէկ երեկոյեան Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ հանդէս եկան «Սար» անուն ներկայացումով։
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Մխիթարեան վարժարանի մանկապատանեկան երգչախումբը իր մասնակցութիւնը բերաւ Աւստրիական Մշակոյթի կեդրոնին կողմէ սարքուած Ս. Ծննդեան համերգին:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Պատրիարքական Աթոռը որոշած է պարգեւատրել մեր համայնքի բարերարներէն Հայկ Ասլանեանը։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի տնօրինութեամբ յառաջիկայ ամիս իրեն պիտի շնորհիւ «Կոլոտ» շքանշանը։ Ծանօթ է, որ երանաշնորհ Յովհաննէս Բաղիշեցի Պատրիարքի յիշատակին հաստատուած այս շքանշանը կը շնորհուի բարերարներուն։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ երէկ կեանքէ հեռացած է մեր համայնքի երէց սերունդի սիրուած ու յարգուած անդամներէն Հայկ Ադամեան։ Ան Գատըգիւղի ընտանիքին հետ նոյնացած խորհրդանշական անուն մըն էր եւ իր կորուստը այս առումով խոր ցաւ պատճառած է բոլորին։ Հայկ Ադամեան անհատական, ընտանեկան կեանքը համայնքային ապրումներու հետ նոյնացուցած եզակի դէմք մըն էր։