ՊՈՄՈՆԹԻԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԱՄԱՌՆԱՄՈՒՏԻ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅԹ
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ 2015-2016 կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլին ստեղծուած է ոգեւոր մթնոլորտ։ Շաբաթավերջին այս մթնոլորտին համահունչ դպրոցին մէջ կազմակերպուեցաւ երեկոյթ մը, որ նախատեսուած էր ամառնամուտը ողջունելու համար։