ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Կէտիկփաշայի Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբի ներկայացուցիչները։ Հանդիպման ներկայ էր Պատրիարքարանի լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, որ, միեւնոյն ժամանակ, այս դպրաց դասու նախագահն է։

Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ երէկ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագը մատոյց հոգեւոր հովիւ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան։ Արարողութիւններէն վերջ, յարակից «Պալեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը, որ համախմբեց Պէշիկթաշի ընտանիքի զանազան սերունդներէ ներկայացուցիչները։
Son günlerde toplumumuz içerisinde ve sosyal medyada dolaşan, toplum ihtiyacına binayen kendimize görev edinerek üstlendiğimiz bir proje hakkında çıkan söylentilere cevaben bildiririz;
Ճաբոնի կայսեր ծննդեան տարեդարձին առթիւ, երկրի հիւպատոսարանին նախաձեռնութեամբ, երէկ երեկոյեան, քաղաքիս մէջ սարքուեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը, որ տեղի ունեցաւ Պէշիկթաշի «Քոնրատ» պանդոկի համալիրէն ներս։
Անգարայի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ կարեւոր հանդիպում մը՝ պոլսահայ կրթական կեանքին տեսակէտէ։ Այսպէս, Իսթանպուլի երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլուի նախաձեռնութեամբ, մայրաքաղաք այցելեցին Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան, Մխիթարեան վարժարանի տնօրէնուհի Եւա Օրագեան եւ Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի տնօրէնուհի Տիրուհի Պերին։
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս երկար ժամանակէ ի վեր օրակարգը կը զբաղեցնէ İtimat Bürosu-ի գայթակղութիւնը։ Վերջին շրջանին Կրօնական ժողովն ալ իրերայաջորդ յայտարարութիւններով եւ նախաձեռնութեամբ մասնակից դարձած է այս հարցին։
Թուրքիոյ մարմնամարզի դաշնակցութեան կողմէ, Աթագիւղի մարզասրահին մէջ կազմակերպուած Իսթանպուլի փոքրերու առաջնութեան ծիրէն ներս, Շիշլի մարզակումբէն Աքսել Պեշիրեան հասաւ ծափահարելի յաջողութեան մը։
Էյուպի Ս. Եղիա եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Ռուբէն Մխճեան հրաժարած է իր պաշտօնէն։ Պատրիարքարանի կողմէ երէկ այս եկեղեցւոյ վերաբերեալ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան մը մէջ՝ որպէս թաղային խորհուրդի ատենապետ նշուած է Միսաք Կիւլլիւքի անունը։