ԷՅՈՒՊԻ Ս. ԵՂԻԱ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ
Էյուպի Ս. Եղիա եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցան աւանդական արարողութիւններ, որոնց հանդիսապետեց Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Տարեկան անուան տօնախմբութեան եւ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 185-րդ տարեդարձին առթիւ տեղի ունեցած կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւնները արժանացան համայնքային շրջանականերու անմիջական ուշադրութեան։