Տ. ՎԻԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՅԳԱԶԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Ուաշինկթընի թեմական պատուիրակ Տ. Վիգէն Արք. Այգազեան, որ վերջերս քաղաքս կը գտնուէր, քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Պատրիարքարան եւ հանդիպում մը ունեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հետ։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը վերջին օրերուն Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց՝ Անգարայի մօտ Գանատայի նորանշանակ դեսպան Ճամալ Քոքարն ու Իսթանպուլի մօտ աւագ հիւպատոս Պրահիմ Աշութալը։ Գանատացի դիւանագէտներու այցելութեան նպատակն էր՝ ծանօթանալ Թուրքիոյ հայ համայնքի հոգեւոր կեդրոնին եւ շնորհաւորել Նորին Ամենապատուութիւնը։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը շաբաթավերջին հիւրընկալեց Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց նախկին ներկայացուցիչներէն Լաքի Վինկասը, որ փափաքած էր անձամբ այցելել Պատրիարքարան եւ շնորհաւորել Նորին Ամենապատուութիւնը։
Այս շաբաթավերջին քաղաքիս մէջ կ՚ոգեկոչուի անմոռանալի երգահան Օննօ Թունչ, որու անունը միշտ երախտագիտութեամբ ու բիւր յարգանքով կը յիշուի գեղարուեստասէրներու կողմէ։ Օննօ Թունչ, որ ծնած էր 1948 թուականին, զոհ գացած էր ցաւալի արկածի մը՝ բաւական երիտասարդ տարիքի մէջ։
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ երէկ հրաժեշտ տրուեցաւ հանգուցեալ Մաքրուհի Գուրանին:
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ վերջերս հիւրընկալուեցան Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի 6-րդ դասարանի սաները։ Տղաքը շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ գիրկընդխառնուեցան եւ ծանօթութիւն հաստատեցին իրարու հետ։
ՀԱՅՃԱՐ-ը, որ մեր համայնքի մասնագիտական գլխաւոր կազմակերպութիւններէն մին է, 2020 թուականը դիմաւորեց մասնաւոր ընդունելութիւնով մը, նաեւ ընդհանուր ժողովի գումարմամբ։ Այս կազմակերպութիւնը արդէն դարձած է 13 տարեկան եւ տարեմուտի առիթով կազմակերպուած հաւաքոյթին ժամանակ հատուեցաւ նաեւ կարկանդակ մը։
Յայտնի պարուսոյց Ժուլիա Մութլուի կողմէ գլխաւորուած պարախումբի «Աւանդական ծիսակատարութիւն»ը երէկ երեկոյեան կրկնուեցաւ՝ արժանանալով գեղարուեստասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան։ Այս ծրագիրը կեանքի կոչուած է Ժուլիա Մութլուի մականին ներքեւ եւ Արամ Կոստանեանի բեմադրութեամբ։
Գումգաբուի Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ երէկուան հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի յիշատակութեան պահուն առաջին անգամ նշուեցաւ Ամենապատիւ Տէր Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հօր անունը: Հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ երանաշնորհ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի համար: