ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ առաւօտ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Իսթանպուլի մօտ Պելժիոյ նորանշանակ աւագ հիւպատոս Սերժ Տիքշէնը, որ փութացած էր քաղաքավարական այցելութեան։ Ան նորին սրբազնութենէն տեղեկութիւններ ստացաւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի, Հայ Եկեղեցւոյ եւ Պատրիարքական Աթոռի մասին։