Թրքահայ կեանք

ՈՉ ԵՒՍ Է ԱՐՈՒԹ ՔԷՕՍԷ

Սրտի դառն կսկիծով վերահասու եղանք, որ երէկ գիշեր մեզմէ անդարձ բաժնուած է մեր համայնքի երէց սերունդի վառ ներկայացուցիչներէն Արութ Քէօսէ, որու կորուստը խոր ցաւ պատճառած է իր սիրելիներու շրջանակին։ Ան հայրն էր մեր համայնքային շրջանակներու յայտնի դէմքերէն՝ հասարակական գործիչ Ժագլին Քէօսէի եւ Պաքըրգիւղի Տատեան սանուց միութեան վարչութեան նախկին ատենապետներէն Յովհաննէս Քէօսէի, որոնք ներկայիս կը սգան իրենց սիրեցեալ հօր կորուստը։

ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՍՈՒՐԲ ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ նախագահեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ արարողութիւններուն եւ խօսեցաւ քարոզ մը։ Ս. Պատարագէն վերջ նորին սրբազնութիւնը կ՚երեւի մեր համայնքի յայտնի բարերարներէն Արէտ Երկանեանի, Տիգրան Կիւլմէզկիլի, Էֆրիմ Պաղի եւ Գէորգ Օքճուի հետ, որոնց գրեթէ բոլորն ալ իր կողմէ առաջադրուած են պատգամաւորի թեկնածու՝ յառաջիկայ պատրիարքական ընտրութեան համար:

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՀԱՄԱԼԻՐԷՆ ՆԵՐՍ ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ԱՐՁԱՆԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԲԱՑՈՒՄԸ

Պատրիարքարանէն կը տեղեկացնեն մեզի.-
Պոլսոյ Պատրիարքարանի համալիրէն ներս, շաբաթ երեկոյեան, տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի տնօրինութեամբ ու նախագահութեամբ, Կոմիտաս Վարդապետի արձանի պաշտօնական բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ։

ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՀԱՒԱՔԸ

Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի անդամները վերջերս ընտանեկան հաւաքոյթով մը տօնախմբեցին՝ 90-ամեակի յոբելենական համերգին ժամանակ արձանագրուած յաջողութիւնը։ Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ երգչախումբի անդամները համախմբուելով զիրար շնորհաւորեցին եւ լիցքաւորուեցան ապագայ նոր յաջողութիւններու ճանապարհին։

ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԼԵՏԱ ՊՈՅԱՃԸԻ ԳՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ

Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Լետա Պոյաճըի «Իքի շեքերլի» գիրքի ծանօթացման երեկոյթը։ Միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս շնորհանդէսը արժանացաւ գրասէրներու մօտիկ հետաքրքրութեան։

ԼԻՏԱ ՔԷՕՍԷՕՂԼՈՒԻ ԱՅՑԸ

Իսթանպուլահայ հասարակութեան ծանօթ երգչուհի Լիտա Քէօսէօղլու, անցեալ շաբաթավերջին, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ։ Ան նորին սրբազնութեան նուիրեց  նմոյշ մը իր սկաւառակէն, որ «Լոյս» կոչուած է, կը պարունակէ հոգեւոր երգեր, տաղեր եւ մեղեդիներ։  

ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան մշակութային հարստութիւնները պահպանելու բաժնի վարիչ Մահիր Փոլատ ու ընկերակիցները, հինգշաբթի, այցելեցին Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցան տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ։ Ընդունելութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՀԱՒԱՔ

Եշիլգիւղի վարժարանի պարտէզին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ երիտասարդաց հաւաք մը։ Պատրիարքական ընտրութեան ընդառաջ կազմակերպուած յատկանշական երեկոյթ մըն էր այս մէկը՝ միասնականութեան կարգախօսով։

ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ԲԱՆԱՍԷՐ ԳԷՈՐԳ ԲԱՄՊՈՒՔՃԵԱՆԻ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ԾՐԱԳԻՐ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու մեր համայնքի մշակութասէր գործիչներէն Վարդան Պալմումճեանը, Արսէն Գովանը, Թագուհի Մաթաթեանն ու Շուշան Սվասլըօղլուն։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին գոհունակութեամբ վերահասու դարձանք, թէ Մխիթարեան եւ Պոմոնթիի Մխիթարեան սանուց միութիւններուն համատեղ նախաձեռնութեամբ յառաջիկայ շրջանին պիտի ոգեկոչուի անմոռանալի բանասէր Գէորգ Բամպուքճեան։

Էջեր