ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՄՍԱԿԱՆՆԵՐԸ ՆՈՒԻՐԵՑ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻ ԴԷՄ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՍԿԻԶԲ ԱՌԱԾ ՄԵԾ ԱՐՇԱՒԻՆ
Պատրիարքական Աթոռը 100 հազար լիրայով մասնակից դարձաւ այն մեծ նուիրատուութեան արշաւին, որ Թուրքիոյ մէջ սկսած է քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի պայմաններուն ներքեւ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան որոշած է այս արշաւին յատկացնել վերջին հինգ ամիսներու իր ամսականները։
Համաճարակի պատճառաւ տուներու մէջ փակուելու պարտաւորուած երէց սերունդի մեր ժողովուրդի անդամներուն ուղղուած եւ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր առաջնորդութեամբ «Հեռախօսային օժանդակութեան աջակցութիւն» կարգախօսով արշաւ մը սկսած է։ Մօտաւորապէս 20 կամաւոր կիներ, իրենց ուղարկուած հեռախօսային տուեալներով, մեր երէց քոյր եւ երբայրներուն հետ կապ պիտի հաստատեն հեռաձայնի միջոցաւ, իրենց հետ պիտի զրուցեն ու իրենց պիտի ջանան զգացնել, թէ այս օրերուն առանձին չեն։
«Արմէնփրէս» գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը ներգրաւուած է քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարին։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի երէկուան հաղորդումներէն արտատպումի հիման վրայ Հայաստանի պաշտօնական գործակալութիւնը ի լուր աշխարհին տեղեկացուց այս կարեւոր հանգամանքը։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի բժշկապետը բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ Ս. Պատարագ՝ Պալաթու Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ մէջ:
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի ներկայ օրերուն, մեր համայնքէ ներս ընկերային զօրակցութեան շարժումը բաւական կազմակերպուած ու նպատակասլաց կերպով յառաջ կը տարուի Ֆէրիգիւղի մէջ։ Քաղաքիս ամենահայաբնակ այս շրջանի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ հնարաւորութիւնները շարժման կ՚անցուին՝ կարելի չափով բոլորի կարիքներուն հասնելու առաջադրութեամբ։
Kardeşler,