ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԹԱՏԵՐԱԲԵՄԸ
Վարդավառ էր երէկ, Հայ Առաքելական Եկեղեցին նշեց Պայծառակերպութեան տօնը։ Աւանդական տօնակատարութիւններ տեղի ունեցան մեր եկեղեցիներուն մէջ՝ մանաւանդ, Գնալըի բարձունքին ոգեւորութիւնը շատ բարձր էր եղանակի բերումով։
Վարդավառ էր երէկ, Հայ Առաքելական Եկեղեցին նշեց Պայծառակերպութեան տօնը։ Աւանդական տօնակատարութիւններ տեղի ունեցան մեր եկեղեցիներուն մէջ՝ մանաւանդ, Գնալըի բարձունքին ոգեւորութիւնը շատ բարձր էր եղանակի բերումով։
Երէկ, Վարդավառի տօնին առթիւ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան աւանդական տօնակատարութիւններ։ Պայծառակերպութեան տաղաւարի առթիւ պատարագեց տեղւոյն հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ օրուան քարոզը։
Պոլսահայ կրթական համակարգի առկայ մարտահրաւէրներուն շուրջ քննարկումները երէկ երեկոյեան շարունակուեցան Ֆէրիգիւղի «Ալաճաճեան» սրահին մէջ:
Համայնքային վարիչները ներկայ դժուարին փուլին կողմնակից են՝ վարժարաններու փակման կամ միացման վերաբերեալ սուր հարցերուն համար առաջնորդուիլ մասնագէտներու կարծիքներով:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ առաւօտ հիւրընկալեց Զեքիեան Գերապայծառը:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ կաթողիկէ հայոց նոր պատրիարքի ընտրութեան գործընթացին:
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանէն ներս վերաձեռնարկեց աշխատանքի։ Քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած երկարատեւ ու ստիպողական դադարէն վերջ, նախընթաց օր համոյթի փորձերը վերսկսան Կազդուրման կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրէն ներս։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր ընդունեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Շանթ Չաքմաքճըի։ Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ այցելութիւնը, որու ընթացքին թաղականները Նորին Ամենապատուութեան տեղեկութիւններ փոխանցեցին եկեղեցւոյ եւ թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի գործունէութեանց մասին։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր, ընդունեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանն ու Արէտ Չիչէքէքէրը։ Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ այս քաղաքավարական այցելութիւնը, որու ընթացքին հիւրեր Նորին Ամենապատուութեան տեղեկութիւններ փոխանցեցին եկեղեցւոյ գործունէութեան եւ ներկայ վիճակին մասին։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց երեկոյեան, Պատրիարքարանի պարտէզին մէջ ընդունելութեամբ մը հիւրասիրեց Աթոռի «Հայ Մենթի-Մենթոր» ծրագրի անդամները։ Այս ընդունելութեան ընթացքին երիտասարդներ համախմբուեցան Պատրիարքարանի երդիքին ներքեւ ու մեր Հոգեւոր Պետին ձեռամբ ստացան վկայականներ։
Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանի ընթացաւարտ աշակերտներուն հանդէսը տեղի ունեցաւ, նախընթաց հինգշաբթի իրիկուն, դարաւոր կրթօճախի պարտէզին մէջ, միշտ յարգելով համաճարակի պարտադրած նախազգուշական միջոցառումները: Այս տարի վարժարանը կու տար իր հիմնադրութեան 196-ամեակի երեսունինն պատուաբեր շրջանաւարտները:
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը հետեւողական աշխատանք կը տանի եկեղեցապատկան կալուածներու արժեւորման ուղղութեամբ։ Կալուածներու արժեւորումը թէեւ որոշ հեռանկարներ կը խոստանայ, սակայն այդ ակնկալութիւնները արդարացնելու նախապայմանն է յիշեալ կալուածները խնամել, վերանորոգել եւ բարւոք վիճակի բերել։