ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ, Պատրիարքարանի դահլիճի երդիքին տակ ընդունեց Պոլսոյ մէջ համայնքի ծիրէն ներս գործող աշխատանքային խումբերու ներկայացուցիչները։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր ի պատիւ ճաշկերոյթ՝ Ֆաթիհի քաղաքապետ Էրկիւն Թուրանի տանտիրութեամբ:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մասնակցեցաւ Էքրէմ Իմամօղլուի տանտիրութեամբ կազմակերպուած ընթրիքին:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց տարեկան աւանդական մատաղօրհնութեան, որու զուգահեռ կազմակերպուեցաւ թաղի վարժարանի ի նպաստ հերթական նուիրահաւաքը։ Համավարակի հետեւանքով աշխարհիկ հանդիսութիւն տեղի չունեցաւ։
Ամեն. Սրբազան Պատրիարք Հայրը մասնակցեցաւ մշակոյթի նախարարի հովանաւորած ձեռնարկին:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը երէկ Գումգաբուի մէջ դարձեալ մէկտեղուեցաւ պոլսահայ վարժարաններու սանուց միութիւններու վարչայիններուն հետ:
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուն եւ թաղի վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Արա Էրոլ Չընարը։ Այս շաբաթավերջին նախատեսուած է Եշիլգիւղի տարեկան մատաղօրհնութիւնը, որու ընդառաջ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, անոնք այցելեցին խմբագրատունս, ուր բացատրութիւններ տուին զանազան նիւթերու շուրջ։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ մէկտեղուեցաւ համայնքային վարժարաններու կրօնի ուսուցիչներուն հետ:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ համայնքային շրջանակներու այնքան սիրելի դէմքերէն շինարարութեան ճարտարագէտ Նազար Պինաթլը մասնագիտական գետնի վրայ մեծարուած է վերջին օրերուն։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հովանաւորութեամբ շնորհանդէս՝ Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ: