«ՄԱՀՈՒԱՆ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲ»
«Փափիրիւս» հրատարակչութիւնը վերջերս գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է «Մահուան նուագախումբ» խորագրեալ գիրքը, որու հեղինակն է Միհրան Շիկահեր։ Շաբաթավերջին «Հրանդ Տինք» հիմնարկի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ այս գիրքին շնորհանդէսը, որ համախմբեց գրասէրներ։
Շիշլի մարզակումբի զանազան խումբերը կը շարունակեն փայլուն յաջողութիւններ արձանագրել, ինչ որ մեծ ուրախութիւն կը պարգեւէ ակումբի ընտանիքին։ Շաբաթավերջին շիշլիցիները մասնակցեցան Սիրողական մարմնամարզի շաբթուան ծիրէն ներս կազմակերպուած՝ մինչեւ 10 տարեկաններու ճատրակի մրցաշարքի մը, որ տեղի ունեցաւ Ամասիայի մէջ։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին երէկ օծուեցաւ ու պաշտամունքի վերաբացուեցաւ աւանդական արարողութիւններով, որոնց նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Բարեկարգման աշխատանքներով ներկայանալի տեսք ստացած եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ մեր համայնքի երէց սերունդի այնքան յարգուած ու համակրելի անդամուհիներէն Ովսաննա Մուրատեան կնքած է իր մահկանացուն։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ցաւակից՝ Մանուէլ Չըթաքի անժամանակ կորուստին համար:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մարի Եանճըի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։
Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ յատկանշական ձեռնարկ մը, որ համախմբեց բազմաթիւ մշակութասէրներ եւ ընթերցասէրներ։ Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի արդի պայմաններուն տեսակէտէ փայլուն երեկոյթ մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին սրահին մէջ ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն եւ կարծիքի փոխանակումներու աշխոյժ մթնոլորտ։
Անթալիոյ մէջ, շաբաթավերջին, Ս. Ալյիփոս Սթիլիթիս յունաց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հայածէս Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ գաւառի հայ համայնքներու տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի։ Արարողութեան ընթացքին տէր հայրը խօսեցաւ քարոզ մը, որու ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնն ու հայրական ողջոյնները փոխանցեց արարողութեան մասնակից հաւատացեալներուն։
Երէկ երեկոյեան, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) հերթական ժողովը։ Թէեւ այս մէկը, ըստ էութեան, ատենապետները համախմբող հարթակ մըն է, սակայն, երէկուան ժողովէն բազմաթիւ ատենապետներ բացակայեցան եւ անոնց գլխաւորած խորհուրդները ներկայացուեցան այլ անդամներու կողմէ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Հայաստանի Ճարտարապետներու միութեան նախագահ Աշոտ Գրիգորեանը, որ «Հայճար»ի կողմէ հրաւիրուած է քաղաքս։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ «Հայճար»ի սիւներէն Նազար Պինաթլը։