ՌԱՖՖԻ ԱԼԻՔԻ ԵՒ ՏՔԹ. ԱՐՄԱՆ ԳԱՄԱՌԻ ԿՈՂՄԷ ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան ու վարժարանի մատակարար մարմնի ատենապետ Ռաֆֆի Ալիք եւ նախկին ատենապետ տքթ. Արման Գամառ երէկ հեռաձայնային կապ հաստատեցին խմբագրութեանս հետ։
Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան ու վարժարանի մատակարար մարմնի ատենապետ Ռաֆֆի Ալիք եւ նախկին ատենապետ տքթ. Արման Գամառ երէկ հեռաձայնային կապ հաստատեցին խմբագրութեանս հետ։
Կը տեղեկանանք, որ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան եւ «A.101» հանրախանութներու ցանցին միջեւ ստորագրուած է համաձայնագիր մը, որու նպատակն է նպաստել թրքահայ համայնքի համեստ ընտանիքներու կարիքներու դիմագրաւման։
Գատըգիւղի ընտանիքը երէկ երեկոյեան մասնաւոր հանդիսութիւնով մը մեծարեց թաղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի նախկին ատենապետ Արման Պիւքիւճեանը։ Արամեան սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի այս երեկոյթը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ հաճելի մթնոլորտ։
Շիշլի մարզակումբի ֆութսալի խումբին արձանագրած յաջողութիւնները առիթ կը հանդիսանան մեծ ոգեւորութեան։ Ինչպէս ծանօթ է, Շիշլի անցեալ տարի Թուրքիոյ ֆութսալի լիկը ախոյեան աւարտած էր եւ այս տարի ալ նոյն նուաճումը կրկնելու համար մրցապայքարի մէջ է։
Մխիթարեանի տարածքէն ներս կատարուած հսկայ շինարարութեան այժմու կացութեան լոյսին տակ հետզհետէ յայտնի կը դառնայ ցաւալի համայնապատկեր մը:
Շահերու եւ իրաւունքներու մեծ վնաս:
Մակերեսի բաժանման եւ վարձակալութեան պայմաններու խնդրայարոյց վիճակ:
Նորընտիր եւ նախկին մատակարար մարմիններու ատենապետները Ռաֆֆի Ալիք եւ տքթ. Արման Գամառ երէկ երեկոյեան հրապարակաւ ներկայացուցին իրենց մօտեցումներն ու հիմնաւորումները՝ մինչ դպրոցի բոլոր սերունդներէ սաները առաջին հերթին կը տագնապին հաստատութեան տեսակէտէ երկարաժամկէտ երաշխիքներու եւ ելմտական կայունութեան բերումով:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ ընդունեց Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Վարդգէս Էրկիւն Այըքը, որուն կ՚ընկերանար ծխական խորհուրդի անդամներէն Վոլքան Արատ։
Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ գործող «Հայ մենթի մենթէօր» հարթակը, որ կազմուած է մեր համայնքի ակադեմականներէն տքթ. Մերի Թաքսի Տեւէճեանի կողմէ, 2023-2024 տարեշրջանին իր գործունէութիւնը պիտի շարունակէ նոր վարչական կազմով մը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ հիւրընկալեց Մերսինի Թոմրիս Նատիր Մութրի ուղղափառ եկեղեցւոյ վարչութեան ատենապետ Ճան Արաբը, որուն կ՚ընկերանային RUMVADER-ի ընդհանուր քարտուղար Տ. Տիմիթրի Աւ. Քհնյ. Մայօղլու։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդներէն Ռոնի Մուրատօղլու կրթական կեանքէն ներս փայլուն նուաճումներ արձանագրելով՝ կ՚արժանանայ բարձր գնահատանքի։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնութիւնը վերջին օրերուն կազմակերպեց ճատրակի մրցաշարք մը, որ երէկ հասաւ իր աւարտին։ Միջվարժարանային եռօրեայ այս մրցաշարքը արդէն 16-րդ անգամ տեղի ունեցաւ։