ERVAB-Ի ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ ՕՐԱԿԱՐԳԻ ՎՐԱՅ ԵԿԱՒ Ս.Փ. ԱԶԳ. ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԵԱՆ ԵՆԹԱԴՐԵԱԼ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ
Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) հերթական ժողովը երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահին մէջ։ Նիստը վարեց ԹՎՄ-ի ատենադպիր Լեւոն Քուզիքօղլու՝ քանի ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու կը բացակայէր ակամայ։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանէն խումբ մը սաներ, որոնց ներկայութիւնը բարձր տրամադրութիւն ստեղծեց մեր երդիքին տակ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Էյուպի Ս. Եղիա եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Միսաք Կիւլիւքը։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց նախկին պոլսահայ Պետրոս Զորլուն, որ այժմ կը բնակի Սիտնիի մէջ։ Այցելութեան ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Պէյօղլուի ընտանիքը երէկ բարձր տրամադրութեամբ նշեց Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի հիմնադրութեան 95-ամեակը։ Տարեդարձի արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան։
Պաքըրգիւղի ընտանիքը շաբաթավերջին համայնքային շրջանակները հիւրընկալեց՝ «Ակադեմիա Տատեան» խորագրեալ հաւաքոյթի մը շրջանակներէն ներս։ Ձեռնարկի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։
Գումգաբուի ընտանիքը յատկանշական շաբաթավերջ մը ապրեցաւ՝ Պէզճեան Մայր վարժարանի շրջանաւարտից տարեկան աւանդական հաւաքին առթիւ։ Պէզճեանցի զանազան սերունդներէ սաներ երէկ առաւօտ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցան Ս. Պատարագին, որու աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօնով վերյիշուեցան դպրոցի բարեյիշատակ հիմնադիրները, տնօրէնները, կրթական մշակները, սատարողներն ու բոլոր սաները։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Մաշալեան երէկ յետմիջօրէին այցելեց Էսաեան սանուց միութիւնը, ուր մասնակցեցաւ «Մարալ» համոյթի հերթական փորձին։ Գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանի գլխաւորութեամբ մարալցիները խանդավառութեամբ դիմաւորեցին Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը, որու կողքին էր Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան։
Սահակեան-Նունեան վրժ.ի սաներուն հայերէն թատերական ներկայացումը ծափահարութիւններու արժանացաւ: Պատուոյ հիւրն էր Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը:
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի սաները վերջին օրերուն այցելեցին «Ուսողութեան գիւղը», Շիրինճէ։ Խումբը առաջնորդեց տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան։ Աշակերտներուն տեսակէտէ հետաքրքրական էր ծանօթանալ յայտնի մասնագէտ փրոֆ. Ալի Նեսինի հետ, որ ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուաւ անոնց նկատմամբ։