ՍԱՆԱՍԱՐԵԱՆ ԽԱՆԻ ՍԵՓԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ԴԱՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ
Ընկերային ցանցերու վրայ այս շրջանին լայն արձագանգ կը գտնէ, որ Սիրքէճիի պատմական Սանասարեան խանի շէնքը վերածուած է պանդոկի մը։ Այսպէս, այնտեղ ծառայութիւն կը մատուցէ «Մարիոթ» պանդոկներու աշխարհատարած ցանցը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլուն։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց պատմագէտ Արզու Ուլաշն ու բարձր ճարտարապետ Պիւշրա Պաթուն։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ «Կոլոտ Պատրիարք» թանգարանի պատասխանատու Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։
Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ յատկանշական ձեռնարկ մը։ Սա գիրքի շնորհանդէս մըն էր, սակայն, ըստ էութեան, ներկաներուն տեսակէտէ նշանակեց շատ աւելին։
Մարմնամարզի ու երիտասարդութեան նախարար Օսման Աշքըն Պաք երէկ հիւրընկալեց Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաքն ու գործակից ընկերները։ Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որուն ներկայ էր նաեւ Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու։
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Թարգմանչաց տօնին ու Մշակոյթի շաբթուան առթիւ ձեռնարկ մը։ Ներկայ էին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան, որոնք ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան խնամակալութեան ատենապետ Ազատ Տեմիրճիի եւ գործակիցներուն, նաեւ տնօրէն Սերքան Քըյըճըի կողմէ։
Սամաթիոյ ընտանիքը երէկ մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ՝ Սահակեան-Նունեան վարժարանէն ներս Թարգմանչաց տօնին առթիւ կազմակերպուած ձեռնարկին ժամանակ։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանն ու գործակից ընկերները։ Շաբաթավերջին նախատեսուած է Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ տարեկան սիրոյ սեղանը, որուն ընդառաջ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, թաղականները խմբագրատունս այցելեցին՝ հանրային կարծիքը լուսաբանելու համար։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան այցելեց Իսթանպուլի կուսակալ Տաւուտ Կիւլին։ Սա Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ քաղաքավարական այցելութիւն մըն էր՝ Տաւուտ Կիւլի կուսակալ նշանակման կապակցութեամբ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանի։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։