ՍԻՐՈՅ ՁԳՈՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նախագահեց Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն, որոնք ստեղծեցին բարձր տրամադրութիւն:
Ֆէրիգիւղի տարեկան հանգանակութեան արդիւնքը թէեւ պիւտճէի բացը ամբողջութեամբ չհաւասարակշռեց, սակայն Մէրամէթճեան վարժարանի կայունութեան երաշխաւորման համար թթխմոր մը ապահովեց:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ կատարեց պարգեւատրում մը։ Այսպէս, Ս. Պատարագի ընթացքին ան Պատրիարքական Աթոռի պատուոյ շքանշանը շնորհեց Հերման եւ Շուշիկ Խնդիրեան ամոլին։
Թրքահայ համայնքին տեսակէտէ շաբաթավերջին յատկանշական իրադարձութիւն մը եղաւ Թուզլայի մէջ, երբեմնի «Քամփ Արմէն»ի տարածքէն ներս կատարուած հիմնարկէքի արարողութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, փոքրամասնութիւններուն համար կատարուած բարեփոխումներու շրջանակին մէջ «Քամփ Արմէն»ի սեփականութեան իրաւունքը վերադարձուեցաւ հայ աւետարանական եկեղեցւոյ։
«Արաս» հրատարակչութիւնը, որ թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 30-ամեակը, յոբելենական շրջանին փայլուն մասնակցութիւն բերաւ՝ երէկ եզրափակուած Իսթանպուլի գիրքի տօնավաճառին։ «Արաս»ի այս տարուան մասնակցութեան թագն ու պսակը եղաւ այն մեծ եռուզեռը, որ տօնավաճառի ընդարձակ համալիրէն ներս ստեղծուեցաւ իր տաղաւարին մէջ։
Շիշլի մարզակումբի նախաձեռնութեամբ, հոգելոյս Նազար Հանչէրի ի յիշատակ կազմակերպուած ճատրակի մրցաշարքը երէկ տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի «Նարեկեան» սրահին մէջ։ 54 պատանի մարզիկ մասնակցեցաւ այս մրցաշարքին, որու պատուոյ հիւրերն էին Նազար Հանչէրի այրին՝ արուեստաբան Էլմոն Հանչէր եւ հարազատները։
Բանասէր, գրականագէտ եւ ուսուցիչ Սեւան Տէյիրմենճեան երէկ երեկոյեան շահեկան բանախօսութիւնով մը հանդէս եկաւ Էսաեան սանուց միութեան մէջ։ Այս երեկոյթով ազդարարուեցաւ միութեան երդիքին տակ նոր եղանակին բացումը։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» սրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ՝ Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ պատրաստուած՝ «Հայ կինը. մշակութային եւ հասարակական կեանքի մէջ» անուանեալ ձեռնարկը, որ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս բոլոր հարթութիւններու վրայ դրուատիքի արժանացած է։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած միջվարժարանային ֆութպոլի մրցաշարքը այս տարի եւս մեծ խանդավառութեան առիթ հանդիսացաւ։ Մինի-ֆութպոլի մրցումներու աւարտին ախոյեանի տիտղոսը նուաճեց՝ Եշիլգիւղի վարժարանի խումբը, որ աւարտական խաղին առաւելութեան հասաւ Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի խումբին դիմաց։
Երէկ, Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի «Շուի» մանկանց երգչախումբի սաները՝ գլխաւորութեամբ իրենց ուսուցչին Արթիւր Պաղտասարեանի եւ միջնակարգի բաժնի համակարգող Լիզա Չոլաքօղլուի, այցելեցին Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցան Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի կողմէ։
Շիշլի մարզակումբը կը շարունակէ երախտագիտական տուրք մատուցել՝ իր հետ նոյնացած նուիրեալներու յիշատակին նկատմամբ։