Տ. ՅՈՎԱԿԻՄ ԱԲԵՂԱՅ ՍԵՐՈՎԲԵԱՆԻ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ
Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, Ս. Աստուածածնի տաճար ընծայման տօնը այս տարի նշուեցաւ բացառիկ մթնոլորտի մէջ։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան, որ քահանայական ձեռնադրութեան երրորդ տարեդարձին առթիւ ջերմօրէն շրջապատուեցաւ իր հոգեւոր եղբայրներուն կողմէ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց «Բարեկամ» խումբի անդամները՝ առաջնորդութեամբ Աւետիս Սէյրանի։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գալֆայեան տան խնամակալութեան անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Ալֆրէտ Սունայի։ Ներկայ էր նաեւ Քոյր Գայտանէ Տուլքատիրեան։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Սուճուեանն ու կազմի սիւներէն՝ Նուարդ Պարընը, Նատին Վանլըօղլու-Թաշն ու Սարվէն Սըրատաղը։ Նկատի ունենալով, որ այս կիրակի Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը նախատեսուած է՝ թաղականները, ըստ ընկալեալ սովորութեան, խմբագրատունս այցելեցին տեղեկութիւններ փոխանցելու եւ հանրային կարծիքը լուսաբանելու նպատակով։ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը, որ այս տարի 203-րդ անգամ բացած է իր դռները, ունի շուրջ 9 միլիոն լիրայի պիւտճէի բաց մը։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գալֆաեան տան խնամակալութեան ատենապետ Ալֆրէտ Սունան, որուն կ՚ընկերանային իր արժէքաւոր գործակիցներէն Այգ Էրքման, Սիմոն Քումրալ եւ Մասիս Ռիւստեմ, ինչպէս նաեւ Թամար Քարասու, որ միեւնոյն ժամանակ վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչն է։ Յառաջիկայ դեկտեմբերի 10-ին նախատեսուած է Գալֆաեան տան տարեկան սիրոյ սեղանը։
«Սապահ» օրաթերթի առցանց տարբերակին մէջ երէկ արձագանգ գտան՝ Գատըգիւղի ընտանիքին իսկապէս մեծ ցաւ ու մտահոգութիւն պատճառած՝ շուրջ մէկուկէս տարուան վաղեմութեամբ իրադարձութիւնները։ Այսպէս, Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի պարագային խնդրոյ առարկայ դարձած է դրամաշորթութիւն մը, որ թէ՛ թաղեցիներուն եւ թէ համայնքային շրջանակներուն արդէն ծանօթ էր, սակայն մամուլին մէջ արձագանգ չէր գտած։
Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Մալաթիահայոց հայրենակցական միութեան տարեկան ընթրիքը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտ։ Երեկոյթի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Ներկայ էին նաեւ Կաթողիկէ Հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան, հոգեւոր հայրեր եւ համայնքային շրջանակներէն բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր։
«Եոլճու» թատերախումբը շաբաթավերջին «Կոմիտաս»ը ներկայացուց Իզմիրի մէջ։ Այս ծրագիրը, որ Լուսաւորիչ երգչախումբի մասնակցութեամբ յառաջ կը տարուի տարիներէ ի վեր, աննախընթաց յաջողութիւն մը արձանագրած է եւ ներկայիս այդ յաջողութիւնը կը թեւակոխէ նոր հարթութիւն մը։
Շաբաթավերջին համայնքային շրջանակները Պաքըրգիւղի մէջ համախմբուեցան՝ թաղի Տատեան վարժարանի տարեկան հանգանակութեան առթիւ։ Դժբախտաբար կարելի չեղաւ յայտարարուած պիւտճէի բացը հաւասարակշռել, թաղային խորհուրդին կողմէ ակնկալուած գումարին հազիւ կէսը գոյացաւ։