Ընկերա-մշակութային

ԳՐԱԽՕՍԱԿԱՆ. «ՓԼՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ»

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վերջերս Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ հայագէտ տքթ. Յակոբ Չոլաքեանի նոր գիրքը՝ «Փլող դպրոցները» խորագիրով:
Գիրքը լոյս տեսած է Երեւանի «Էդիթ Պրինտ» հրատարակչատունէն: Գիրքը լոյս տեսած է Յակոբ Գ. Յակոբեանի մեկենասութեամբ: 

ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆՏԱՆԵԼԻ ԲԵՌԸ…

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ամէն առաւօտ արթննալով, ոտքի կանգնիլ փորձելով, կեղծ յոյզերով կը թուէր, թէ օրէ օր, քայլ առ քայլ կը մօտենամ մոռացումի մատնուելու, կորսուելու։ Այնքան սովոր դարձած էր ինծի, թէ կեանքի պայմանները կը թելադրեն ապրելակերպս։

ՎԱՀԱՆ ՔՈՉԱՐ՝ ՆԱԵՒ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉ. ՅԵՏՄԱՀՈՒ ԱՌԱՋԻՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւանի մէջ բացուեցաւ անուանի լուսանկարիչ Վահան Քոչարի 75-ամեակին առթիւ անոր գեղանկարներուն ցուցահանդէսը՝ «Ոսպնեակէն անդին» խորագրով: Շատեր գիտէին, որ լուսանկարիչը նաեւ կը գծէ, բայց քիչեր տեսած էին անոր գեղանկարչական գործերը:

ՆՈՐ ԳԻՐՔ՝ «ՓԼՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ» ԿՈՐՍՈՒՈՂ ՀԱՅ ԳԻՒՂԻ ՊԱՏԿԵՐԸ ԸՆԴՀԱՆՐԱՊԷՍ…

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Օրերս Երեւանի մէջ լոյս տեսած է քեսապցի մտաւորական եւ հայագէտ, տքթ. Յակոբ Չոլաքեանի նոր հատորը՝ «Փլող դպրոցները» խորագրով, որ պատմուածքներու եւ ակնարկներու շարք է՝ նուիրուած հեղինակի ծննդավայր Սուրիոյ Գարատուրան գիւղին:

«ՎԵՐԹԵՐ»ՆԵՐՈՒ ՏԱՌԱՊԱՆՔՆԵՐԸ

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Այնպիսի ժամանակներու մէջ կը գտնուինք, որ գրեթէ իւրաքանչիւր անձ, ընկերային ցանցերու վրայ ուրախ հոգեվիճակ մը ցոլացնելով հանդերձ իր հետեւորդներուն, կ՚ապրի տառապալից, տխուր ու տագնապներով լի կեանք մը՝ մանաւանդ անպատասխան սիրոյ պատճառով։

ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆԻ 140-ԱՄԵԱԿԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ ԿԱՆՏԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԷՆ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ինչպէս ծանօթ է արեւմտահայ անմահ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի կենսագրութենէն՝ 1905 թուականին բանաստեղծը կը մեկնի Պելժիա եւ կ՚ընդունուի Կանտի համալսարանը, որ պատմական համալսարան է Պելժիոյ հոլանտախօս հիւսիսը գտնուող Կանտ քաղաքին մէջ:

ՎԱՀԱՆ ՄԱԼԷԶԵԱՆ (Դ.)

Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այսօրուան մեր սիւնակով կու գանք աւարտել Վահան Մալէզեանի մասին մեր կատարած ուսումնասիրութիւնը:
Վահան Մալէզեանի գիրքերուն մէջ տեղ գտած են նաեւ նամակները այն անձնաւորութիւններուն, որոնց հետ նամակագրական կապ ունեցած է: 

ԳԵՂԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԸՍՏ ԻՄՄԱՆՈՒԷԼ ՔԱՆԹԻ

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Փիլիսոփայութեան ճիւղերէն մին՝ գեղագիտութիւնը խոշորացոյցի տակ կը դնէ գեղեցկութեան եւ ճաշակի բնոյթը, նաեւ արուեստի փիլիսոփայութիւնը եւ զգացական արժէքները։ Այսինքն՝ գեղագիտութիւնը կը քննադատէ արուեստը, մշակոյթը եւ կ՚ուսումնասիրէ ընդհանուր առմամբ՝ բնութիւնը։

ՄԿՐՏԻՉ ԽՐԻՄԵԱՆԻ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ, ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ ՇՈՒՐՋ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայրենի վաստակաւոր պատմաբան Էմմա Կոստանդեանի յօդուածները՝ արեւմտահայոց ազգային, հասարակական, եկեղեցական եւ այլ բազում հարցերուն առընչուող, ո՛չ միայն պարզապէս աշխատութիւններ են, այլեւ՝ զանազան հարցեր առաջ քաշող եւ լուծման ուղիներ առաջարկող գիտնականի վերլուծումներ:

Էջեր