ԾԻՐԱՆԻ ԵՂԱՆԱԿ. ԱՐԵՒԸ՝ ՁԵՌՔԵՐՈՒԴ ՄԷՋ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Յուլիսեան արեւը կը չորցնէ հողը․ անձրեւները հազուադէպ դարձած են, որ աւելի կ՚ընդգծէ ամառնային շունչը։ Արտերը կարծես կը բոցավառին, արեւէն չորցած հողին վրայ փոշին երեկոյեան ժամերուն քամիի բերան ինկած՝ կը պարէ ու քաղաքը կը շնչէ ծանր ու մռայլ։