ՓՈՒՆՋ ՄԸ ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ՝ ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԱՊԵՏԷՆ
- Ճշմարտութիւն է՝ եթէ Աստուած մեզի հետ է, ոչ ոք կրնայ մեզի հակառակ ըլլալ: Մենք մեր ազգային կեանքին յաղթանակները կերտած ենք Աստուծո՛յ հետ, մենք յաղթանակած ժողովուրդ եղած ենք Աստուծո՛յ հետ: Ուրեմն, այս վստահութեամբ ապաւինինք մեր Երկնաւոր Տիրոջ, որպէսզի յաղթանակները մշտապէս ուղեկից ըլլան մեր կեանքի բոլոր ճանապարհներուն ու բոլոր ընթացքներուն մէջ: Մեր զօրեղ հաւատքն է, որ մշտապէս պայծառ պիտի պահուի մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ մէջ: Մեր զօրեղ հաւատքն ու ամբողջական սէրն են, որ շէն պիտի պահեն Հայոց Երկիրը եւ այդ հաւատքով ու սիրով մենք պիտի կարենանք դիմակայել մեր կեանքի բոլոր դժուարութիւնները:
- Անկախութեան հռչակումով՝ մեր ժողովուրդը ընտրեց ազատ ապրելու եւ բարեշէն իր կեանքը կառուցելու դժուարին, բայց արժանապատիւ ճանապարհը: Անկախութեան պատմութիւնը մեր նորագոյն տարեգրութեան հրաշապատումն է՝ մեր ժողովուրդի արիասիրտ զաւակներուն հաւատքով ու տեսիլքով հիւսուած: Անկախութիւնը Աստուծոյ այն պարգեւն է, ի դիմաց այն զրկանքներուն եւ կորուստներուն, որոնք մենք կրեցինք ցեղասպանութեան ու խորհրդային աստուածամերժութեան հալածանքներու տարիներու ընթացքին:
- Հին եւ Նոր կտակարանները կը պատմեն Աստուծոյ Յայտնութիւնը մարդկութեան պատմութեան մէջ եւ մարդու կեանքին մէջ: Աստուած Իր Միածին Որդին ուղարկելով աշխարհ, Իրեն, Իր բնութիւնը կամեցաւ յայտնել մեզի, որպէսզի զԻնք ճանչնալով հարազատօրէն եւ ճշմարտօրէն՝ սիրենք զԻնք եւ բնակինք Իր մէջ, եւ Ան բնակի մեր մէջ Իր օրհնութեամբ եւ պարգեւներով:
Աստուած մեր մէջ կը բնակի Իր արարչագործութեամբ, ստեղծագործելու՝ մեզի պարգեւած զօրութեամբ: Արդարեւ, Աստուած իւրաքանչիւր գոյութեան եւ ամէն բարութեան աղբիւրն է: Երբ կը ճանչնանք ու կը զգանք այս իրողութիւնը՝ մենք ալ հրաշքով կը դառնանք բարեաց աղբիւր, գիտութեան ու արարումի աղբիւր: Աստուած մեր մէջ կը բնակի Իր սիրով, որով ստեղծած է արարչութիւնը եւ որով կը խնամէ մարդը, որով փրկած է զայն, որպէսզի ան մաքուր սիրտի կատարեալ հաւատքով հաստատուն մնայ դէպի իր Արարիչը ընթացքին մէջ՝ միշտ հայցելով շնորհքը, սէրը եւ աստուածային սրբարար զօրութիւնը՝ դառնալու աստուածային Սուրբ ընտանիքը:
Փառք եւ գոհութիւն կը վերառաքենք առ Աստուած, որ նաեւ մեր ժողովուրդին շնորհք պարգեւած է՝ եւ Իր երկու առաքեալներով մեզ հրաւիրած մաս կազմելու Իր ընտանիքին: Մեզի շնորհած է նաեւ մեր հաւատքի Հայր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը որպէս հոգեխնամ առաջնորդ, որպէսզի առանց մոլորուելու մենք գտնենք Աստուծոյ տունը Հայոց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ մէջ եւ ինչպէս մեր Հայրերը՝ յաւիտենական ուխտ կնքենք մեր Փրկիչին հետ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ:
Մենք բոլորս ալ անդամ ենք Աստուծոյ հաստատած հոգեւոր ընտանիքին, Էջմիածնադրոշմ հայոց ազգին, որու բարեկարգութեան եւ բարօրութեան համար պարտաւոր ենք հոգալ՝ որպէս վկայութիւն առ Աստուած սիրոյ եւ մեր կեանքին մէջ՝ Աստուծոյ ներկայութեան: Բոլորս Աստուծոյ տաճարներն ենք եւ միայն Աստուծոյ բնակութեան արժանի սիրտեր ու հոգիներ պարտաւոր ենք ունենալ, որովհետեւ Աստուած չի կրնար բնակիլ չարիքով կամ սատանայական խորհուրդներով յագեցած, հնարամիտ, շահախնդիր, կեղծաւոր եւ հաճոյալի մարդոց մէջ: Այնտեղ ուր Աստուած չկայ, այնտեղ ուր Աստուած չի կրնար բնակիլ, այնտեղ կը սկսին ստեղծագործական խաթարումը, աւերը, թալանը, մսխումը եւ կործանումը:
Իրապէս՝
Եթէ Տէրը տունը չկառուցէ, ի զուր կը չարչարուին կառուցողները,
Եթէ Տէրը քաղաքը չպահպանէ, ի զուր կը հսկեն անոր պահապանները:
- Մենք շնորհքը ունինք, սիրելինե՛ր, նաեւ Աւետարանի խօսքին համաձայն, աշխարհի լոյսը կոչուելու: Որպէսզի մենք կարենանք մեր կեանքը լուսաւորել, նախ պէտք է մեր հոգիներուն մէջ ունենանք լուսաւորող ճրագը մեր մարմիններէն ներս եւ մեր էութեան մէջ: Եթէ չունինք, եթէ խաւար ենք, ինչպէ՞ս կրնանք լուսաւորել մեր շրջապատը, ինչպէ՞ս կրնանք առաջնորդ ըլլալ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն, ինչպէ՞ս կրնանք օրինակ դառնալ անոնց, որոնք տակաւին իրենց հայեացքը չեն դարձուցած մեր Փրկիչին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսին: Անմար լոյսը, աստուածային մշտավառ լոյսը մեր հոգիներուն մէջ ունենալու համար, պէտք է որ մենք ապրինք Աւետարանով՝ զայն կեանք դարձուցած, եւ ոչ թէ վարդապետութիւն, ոչ թէ գաղափարախօսութիւն, ոչ թէ ընթերցանութեան գեղեցիկ գիրք: Իւրաքանչիւր խօսքը, իւրաքանչիւր պատգամն ու պատուիրանը պէտք է կարենանք հաւատքով, գործերով, որպէս վկայութիւն մեզ շրջապատող հանրութեան ներկայացնել:
- Հայկական ինքնութիւն եւ Սուրբ Էջմիածին հասկացութիւնները վաղուց արդէն նոյնական են իրենց ընկալումին մէջ: Էջմիածինը զօրեղ է, որովհետեւ հաստատուած է նաեւ Արարատի փէշերուն: Արարատը մեր ժողովուրդի յաւերժութեան խորհուրդն ունի. Արարատը Նոյեան տապանը կը կրէ: Նոյեան տապանը եկաւ ու կանգնեցաւ Արարատի վրայ, որու ստորոտին հիմնուեցաւ Սուրբ Էջմիածինը, որպէսզի փրկութեան իր խորհուրդով, Աստուծոյ ներկայութեան զօրութեամբ նոյնանայ Նոյեան տապանի առաքելութեան հետ: Նոյեան տապանը մարդկութեան փրկութեան տապանը եղաւ, իսկ Էջմիածինը՝ հայութեան փրկութեան տապանը:
- Համայնքը մէկ մարմին է, մէկ ամբողջութիւն, որու անդամներն են վարչութիւնները: Աստուածաշնչեան ճշմարտութիւնը կ՚ըսէ, որ երբ մարմինին մէկ անդամը կը ցաւի, ցաւը կը տարածուի ամբողջ մարմինին մէջ: Երբ աչքը կը ցաւի, մարդը միայն աչքի ցաւը չէ որ կը զգայ, այլ՝ մարմինին բոլոր անդամները այդ ցաւին կրողները կը դառնան: Նոյնն է ուրախութեան պարագային: Արդարեւ, գաղութին մէջ մէկուն ուրախութիւնը պէտք է բոլորը համակէ, նոյնպէս ալ ցաւը ամբողջ գաղութին ցաւը պէտք է դառնայ:
Չկայ իմ եւ քու յաջողութիւնը, կայ միայն գաղութին յաջողութիւնը: Եթէ իմ եւ քու փոխադարձ հասկացողութիւնը գոյութիւն ունի գաղութին մէջ, գաղութը չի կրնար երկար գոյութիւն ունենալ: Ժամանակները բազմաթիւ աւերներ գործած են մեր ազգային կեանքին մէջ: Պէտք է ձերբազատինք եսասիրութենէն, պէտք է սրբագրենք մեր սխալները, պէտք է կարենանք վեր կանգնիլ հատուածական շահերէ եւ ապրիլ մեր միասնութեան շահերով:
- Իւրաքանչիւր ազգի կեանքին մէջ մեծապէս կարեւոր է գրողին առաքելութիւնը: Գրողին հիմնական նպատակն է գրական ստեղծագործութիւններով ներկայացնել կեանքին ճշմարիտ արժէքը, մարդկային յոյզերու ու երազանքներու վսեմ դրսեւորումները՝ ընթերցողներուն բերելով քաջալերութիւնը դժուարութիւններու դիմագրաւումին եւ բարօր ու լուսաւոր ապագայի կերտումին: Գրողը իր վեհ գաղափարներով առաջնորդ կը հանդիսանայ հասարակութեան, կը ձեւաւորէ ներաշխարհ ու համընդհանուր մտածողութիւն, կ՚ըլլայ անհատն ու իրականութիւնը բարեփոխման ներշնչող օրինակ:
- Եկեղեցի կառուցել կը նշանակէ՝ զԱստուած ընդունիլ, կը նշանակէ՝ զԱստուած ներկայութիւն դարձնել մեր կեանքին, մեր հոգիներուն եւ կենցաղին մէջ, կը նշանակէ՝ միշտ բարիին հետեւող ըլլալ, կեանքը սիրով ապրիլ, հաւատքի գործեր կատարել: Եկեղեցի կառուցել կը նշանակէ՝ հաւատարմութիւն դրսեւորել մեր հայրերու սրբազան հաւատքին, մեր անցեալի հոգեւոր ժառանգութեան հանդէպ, սիրել մեր հայրենիքը եւ նախանձախնդիր ըլլալ անոր վաղուան նկատմամբ՝ իրականութիւն դարձնելով այն բոլոր երազները, որոնց համար ապրած, պայքարած ու մարտնչած ենք, երբեմն ալ՝ մարտիրոսուած ու նահատակուած:
- Մեր պատմութիւնը լաւագոյնս կը վկայէ, որ Եկեղեցին հոգեփրկչական իր առաքելութեան ծիրին մէջ անուրանալի ներդրում ունեցած է հայկական պետութեան հզօրացումի ու ամրապնդումի գործին, նաեւ պետութեան սատարումով արգասաւորած է իր հոգեւոր ծառայութիւնը մեր ժողովուրդին: Եկեղեցւոյ ու պետութեան յարաբերութիւնները Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին եւ Սուրբ Տրդատ Գ. թագաւորին սերտ գործակցութեան շնորհիւ, նուիրագործուած են Հայաստանի առաջին քրիստոնեայ պետութիւն հռչակումով, որ եղած է ու կը մնայ մեր ժողովուրդին փառքն ու պարծանքը: Պետականութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ Եկեղեցին շարունակած է խնամել ու առաջնորդել մեր ժողովուրդը՝ արթուն պահելով պետականութեան վերականգնումի գիտակցութիւնը եւ ջանքեր ներդնելով հայոց պետութեան վերահաստատումին համար:
Հայրենի պետականութիւնը անսասան պահելու ու պետական շահերով առաջնորդուելու Հայոց Եկեղեցւոյ դիրքորոշումը լաւագոյնս արտացոլուած է Սուրբ Սահակ Պարթեւ Հայրապետի յայտնի ձեւակերպումին մէջ, որ Հայոց Եկեղեցին ողջ պատմութեան ընթացքին առանցքային եղած է մեր հայրապետներուն ու եկեղեցականներուն գործունէութեան մէջ:
Մեր Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը վերափոխած է մեր ժողովուրդին կեանքը հոգեւոր, կրթական, գիտական ու մշակութային նշանակալի ձեռքբերումներով: Եկեղեցւոյ հոգեփրկչական առաքելութեան առանցքը հոգեւոր-բարոյական արժեհամակարգով անձի կերտումն է, ազգի հաւատաւոր, հայրենասէր, օրինապահ զաւակի կրթութիւնն ու դաստիարակումը, ինչ որ նաեւ պետութեան առաջնահերթութիւնն է՝ քաղաքացիի ձեւաւորման պատասխանատու գործին: Այս առումով մեծապէս կարեւոր է պետութեան ու Եկեղեցիին համագործակցութիւնը՝ թելադրուած մեր ազգային շահերով ու գերակայութիւններով, մեր ազգային ինքնութիւնը, ոգին, նկարագիրը պահպանելու հրամայականով:
- Եկեղեցին երկնային ապաստարանն է Երկրի վրայ, ուր կը բնակին սէրը, հաշտութիւնն ու խաղաղութիւնը եւ ուր կը հանգստանան առօրեայ հոգերէն բեկուած հոգիները: Եկեղեցւոյ մէջ է նաեւ, որ կ՚արձագանգէ մեր Տիրոջ քաղցրաբարբառ կոչը. «Եկայք առ յԻս ամենայն վաստակեալք եւ բեռնաւորք եւ Ես հանգուցից զձեզ» (Մտ 11.28): Եկեղեցւոյ մէջ կը վերանան թէ՛ ազգային, թէ՛ ցեղային, թէ՛ ընկերային եւ թէ մշակութային խտրականութիւնները. «Չիք խտիր ո՛չ հրեայի եւ ո՛չ հեթանոսի, ո՛չ ազատի եւ ո՛չ ծառայի, ո՛չ արուի եւ ո՛չ էգի, զի ամենեքեանդ դուք մի էք ի Քրիստոս Յիսուս», կ՚ըսէ առաքեալը (Գղ 3.28): Եկեղեցւոյ մէջ մենք Յիսուս Քրիստոսի հետ մէ՛կ կը դառնանք, կոչուած՝ հոգեւոր քոյրեր ու եղբայրներ ըլլալու, Քրիստոսի սիրով ապրելու, Քրիստոսի լոյսը սփռելու ամբողջ աշխարհին մէջ:
- Հաւատքով կառուցուած եւ աղօթքով լեցուն եկեղեցին Աստուծոյ տուն կը դառնայ, կը դառնայ նաեւ այն վայրը, ուր կը սկսի հոգեւոր տաճարացումը հաւատացեալներուն. «Եւ դուք իբրեւ զվէմս կենդանիս շինիք տաճար հոգեւոր» (Ա. Պտ 2.5), կ՚ըսէ առաքեալը: Եկեղեցւոյ մէջ է որ աղօթքով, սրբարար Պատարագով ու Տիրոջ կենդանարար Մարմինի ու Արեան հետ հաղորդութեամբ, կը նորոգուինք հոգիով ու մարմինով, Եկեղեցւոյ մէջ է, որ Աստուծոյ Խօսքով, սուրբերու օրինակով ու բարեխօսութեամբ կը զօրանանք ու կ՚ամրանանք, կը հագուինք հոգեւոր սպառազինութիւնը ընդդէմ չարի ու անարդարի: Եկեղեցին այն բարձրունքն է, ուր կը պայծառակերպուինք Սուրբ Խաչով մեզի պարգեւուած փրկութեան լոյսով եւ Սուրբ Խաչով կը գտնենք յոյս ու ապաւինութիւն:
- Եկեղեցւոյ ուժը, զօրութիւնը երիտասարդութիւնն է, որ պիտի գայ այսօր ո՛չ միայն Եկեղեցւոյ առաքելութեան մէջ իր կարեւոր դերակատարութիւնը ստանձնելու, այլ նաեւ ազգային մեր կեանքին մէջ դերակատարութիւն ունենալու: Դուք, աւետարանական խօսքի համաձայն, այն խմորն էք, որով պիտի կարենաք հունցել ամբողջ զանգուածը, Աւետարանի այն լոյսն էք, որով պիտի կարենաք լուսաւորել մեր հասարակական կեանքը, եւ ձեր միջոցով մենք պիտի կարենանք այնպիսի հասարակութիւն ձեւաւորել հայրենիքին, նաեւ սփիւռքին մէջ, որ պիտի ապրի քրիստոնէական պատուիրաններով ու պատգամներով, որ պիտի կարենայ կեանք դարձնել, հայ մարդու ամէնօրեայ ապրումին մէջ բերել մեր հայրերուն սրբազան հաւատքը եւ այդ հաւատքով շաղախել մեր հայրենական կեանքը:
- Իւրաքանչիւր առողջ հասարակութեան շարժիչ ուժը երիտասարդութիւնն է՝ իր անսպառ աշխատասիրութեամբ, միտքի թռիչքով, նախաձեռնութեամբ, նուիրումով ու լաւատեսութեամբ: Այսօրուան երիտասարդը մեր վաղուան պետական գործիչը, գիտնականը, մանկավարժը, բժիշկը, զինուորականն ու հոգեւորականն է, որոնց ձեռքերուն մէջ կը գտնուին դեռ երիտասարդ մեր հայրենիքի վաղուան յառաջընթացն ու նուաճումները:
- Սիրելի՛ բարեպաշտ ժողովուրդ, հաւատքն ու սէրր այն անսասան հիմքն են, որոնց վրայ հաստատուն մնալով պիտի զօրանայ նաեւ մեր երկրին ու ժողովուրդին կեանքը, լեցուի խնդութեամբ ու բերկրանքով: Հաւատքի եւ սիրոյ արգասիքները ազնուութեան, արդարութեան, կարեկցութեան, իրարու սատարման եւ զօրակցութեան բարի գործերն են, որոնք միշտ ուղեկից պիտի ըլլան մեզի, եթէ մեր ուղին չխոտորի Քրիստոսի լուսաւոր ճանապարհէն: Մեր օրերուն, նաեւ մեր կեանքին մէջ հաւատաշէն գործերու, աստուածահաճոյ բազմաթիւ ձեռնարկներու կողքին ցաւով կարելի է տեսնել աստուածամերժ ընթացքներ, մեր ժողովուրդի քրիստոնէական նկարագիրին անյարիր բարքեր, ազգային նուիրական արժեհամակարգի խաթարում, նաեւ՝ հոգեւորի անտեսումով նիւթականի, դրամի գերարժեւորում, որ գլխաւոր նպատակ կը դառնայ՝ փոխանակ կեանքի արդար ու բարի ընթացքը կազմակերպելու միջոց ըլլալու: Նման դրսեւորումներ, հաստատապէս, կը պարպեն կեանքը Քրիստոսի կենարար ներկայութենէն, զայն կը զրկեն հոգեւոր ուրախութենէն, գթասրտութենէն, մարդասիրութենէն, ազնիւ ու վեհ զգացումներէն, Տէրունաշնորհ փրկութենէն: Քրիստոս կը զգուշացնէ մեզ այդ կործանարար ճանապարհէն՝ ըսելով. «Ի՞նչ օգուտ, երբ մէկը ամբողջ աշխարհը շահի, բայց իր կեանքը կորսնցնէ» (Մր 8.36):
- Սիրելինե՛ր, ինչպէս կ՚ըսէ պատմահայր Խորենացին՝ «քաջերու սերունդները քաջերն են», եւ մենք այդ քաջերուն զաւակներն ենք: Չենք գիտեր յուսահատիլ, չենք գիտեր դժուարութիւններու առջեւ ծունկի գալ: Այդ յաղթական ոգին պիտի առնենք այդ մենաւոր եկեղեցիներէն, այդ շիրմաքարերէն, պիտի հասկնանք անոնց լեզուն, պիտի ընկալենք անոնց խորհուրդը, պիտի ճանչնանք անոնց էութիւնը եւ մեր հայեացքին առջեւ պիտի տեսնենք այն դժուարութիւնները, այն մաքառումները, որոնց շնորհիւ կերտուած, ստեղծուած է այդ ամէնը՝ յոյսով, հաւատքով եւ լաւատեսութեամբ: Այդ յոյսով ու լաւատեսութեամբ եւ մեր դարաւոր ժառանգութեան արժեւորմամբ պիտի շարունակենք կերտել մեր նոր կեանքը՝ հաւատքով, որ պիտի գայ այն օրը, երբ ազգս պիտի միաւորուի իր մայր հայրենիքի նուիրական հողին վրայ, Արարատի նուիրական հայեացքին եւ Սուրբ Էջմիածինի օրհնութեան տակ:
- Աստուած մեզի պարգեւեց Սուրբ Էջմիածինը, որպէսզի հայ հոգիին ծննդավայրը, քրիստոնէական մեր հաւատքի անշարժ վէմը եւ Հայոց Հայրապետութեան Մայր Աթոռը ըլլայ: Աստուած մեզի պարգեւեց հայոց փրկութեան տապանը՝ Արարատին դիմաց: Սուրբ Էջմիածինէն ճառագայթող լոյսով, փրկութեան յոյսով ու հաւատքով ապրեցաւ ու ստեղծագործեց մեր ժողովուրդը, պաշտպանեց իր ազատութիւնը, մոխիրներէն յարութիւն առաւ եւ աշխարհասփիւռ տարածուած՝ մնաց մէկ ժողովուրդ, մէկ հոգի ու ներաշխարհ:
- Այստեղ՝ Արարատի դիմաց, ի տես Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչին իջաւ Աստուածորդին եւ հաստատեց Հայոց Բեթղեհէմը, որպէսզի Իջման Սուրբ Սեղանէն ամբողջ հայ կեանքին վրայ սփռուին Բեթղեհէմեան Լոյսին սիրոյ շողերը: Իջաւ՝ ոսկէ մուրճի կնիքով դրուագելով համազգային մեր դարձի խորհուրդը, որպէսզի Սուրբ Էջմիածինով յարատեւէ մեր ժողովուրդը ու միաւորեալ մնայ՝ թէկուզ մասնատուած ու աշխարհասփիւռ: Իջաւ՝ «դի՛ր զիս իբրեւ կնիք քու սիրտիդ մէջ եւ իբրեւ մատանի՝ քու ձեռքիդ վրայ, որովհետեւ սէրը մահէն աւելի զօրեղ է» պատգամով: Եւ դրինք սիրոյ կնիքը մեր սիրտերուն ու կապեցինք որպէս բազպան մեր աջին: Քրիստոսի հանդէպ սէրը 301 թուականին ընտրեալ դարձուց հայոց ազգը, հաւատքով ու յոյսով լեցուց հայ կեանքը, նոյնացաւ հայկական ինքնութեան հետ, դարձաւ ազգը միաւորող Եկեղեցւոյ, ազգը պահող հայրենիքի սէր, անձնազոհ նուիրումի ու հաւատարմութեան ընտանիքի սէր: Զօրացուց մեր հոգիին մէջ արդարի, ճշմարիտի ու կեանքի սէրը՝ չարը մերժելու, մահերու յաղթելու: Երկունքով լեցուց Հայ Հոգիին անդաստանները, որոնք առատօրէն պտղաբերեցին՝ միշտ հաղորդ քաղաքակրթութեան յառաջընթացին:
- Սուրբ Էջմիածինի անունին հետ կապուած են Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակման եւ հայ ժողովուրդի համազգային մկրտութեան նուիրական յիշատակները: «Էջմիածին», որ այս սրբարանին անունն է, կը նշանակէ Աստուծոյ Միածին Որդւոյն Իջման վայր: 301-ին, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչին յայտնուեցաւ հոս, ուր մեր նորադարձ ժողովուրդը կառուցեց իր Մայր Տաճարը, իբրեւ Մայր Աթոռ, կաթողիկոսանիստ կեդրոն Հայ Աոաքելական Եկեղեցւոյ: Աստուածային էջքով հաստատուած եւ կրելով հայ կեանքի մեծագոյն իրադարձութեան՝ Հայոց Մեծ Դարձին խորհուրդը, Սուրբ Էջմիածինը սրբութիւն սրբոցն է աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդին՝ նոյնիսկ այն ժամանակներուն, երբ Կաթողիկոսական Աթոոը թշնամիներու յարձակումներու պայմաններուն, հանգամանքներու դժբախտ բերումով, ստիպուած եղած է տեղափոխուիլ այլ բնակավայրեր՝ պատմական Հայաստան եւ Կիլիկիոյ հայոց թագաւորութիւն: Սուրբ Էջմիածինէն հեռու, հայոց հայրապետները իրենք զիրենք զգացած են տարագիր ու վշտաբեկ: 1441-ին, Ամենայն Հայոց Հայրապետական Աթոոը վերադարձած է Աստուածակառոյց Սուրբ Էջմիածին, եւ այստեղ է այդ ժամանակէն ի վեր:
Առաքելահաստատ Հայ Եկեղեցիէն եւ անոր Մայր Աթոո Սուրբ Էջմիածինէն ճառագայթող Աստուածաճանաչ լոյսով եւ ինքնութեան խորհուրդով կերտուած է հայկական քրիստոնէական հարուստ մշակոյթը: Դարերու ընթացքին եւ այսօր ալ Հայ Եկեղեցին ու անոր Մայր Աթոոը ազգահաւաք դերակատարութիւն ունին հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ:
- Մայր Աթոռը իւրաքանչիւր հայորդիի սիրտին մէջն է: Եւ բնական է, որ իւրաքանչիւր հայորդի ցանկալով պիտի ցանկայ, որ Մայր Աթոռը պայծառաշուք ըլլայ, ըլլայ այնպիսի տեսքի ու վիճակի մէջ, որ իւրաքանչիւր հայու սիրտ ցնծայ ուրախութեամբ եւ լեցուի հպարտութեան զգացումով: Իւրաքանչիւր անհատ, որ այստեղ մտնէ, Աստուծոյ փառք տայ, որ Մայր Աթոռը իր պատմութեամբ ու անցեալով, իր ներկայով եւ իր վաղուան օրով հզօր է, գեղեցիկ, եւ օր օրի կը պայծառանայ:
- Մայր Աթոռը, սիրելի՛ մեր զաւակներ, Տիրոջ ապաւինութեամբ իր առաքելութիւնը կ՚իրականացնէ ի սէր հայրենիքին ու սփիւռքին մէջ մեր հոգեւոր ու ազգային կեանքի զօրացումին: Առաջնային կը մնան եկեղեցականներու պատրաստութիւնը, նոր եկեղեցիներու կառուցումն ու մեր հնագոյն սրբատեղիներուն նորոգումը: Հոգեւոր խօսքը կը մատուցուի նաեւ հեռատեսիլով, ռատիոհաղորդումներով, գրականութեան հրատարակութեամբ: Քարոզչութիւն ու հոգեւոր սպասաւորութիւն կ՚իրականացուի նաեւ մեր բանակին, ընկերային կառոյցներուն մէջ, կրթական նախաձեռնութիւններ կ՚իրագործուին, աջակցութեան ծրագիրներ՝ կարիքաւորներուն եւ ծնողազուրկ երեխաներուն օգնելու:
- Սրբալոյս Միւռոնը Սուրբ Հոգիին ներկայութիւնն է մեր կեանքին մէջ, որ Աստուծոյ օրհնութիւնն ու կենարար շնորհքները կը բաշխէ մեզի Դրոշմի Սուրբ Խորհուրդով՝ պարգեւելով հոգեւոր նոր ծնունդ եւ Քրիստոսով նոր կեանք: Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին հետեւեալ վկայութիւնը կու տայ, ըսելով, թէ Սուրբ Միւռոնը՝ փրկութեան լոյսով կատարեալ այս իւղը հեղուելով մեր վրայ երեւութապէս կ՚օծէ մեր արտաքին խորանը, այլեւ՝ աներեւոյթ կերպով, ծածկապէս կը մտնէ հոգիին մէջ եւ ներքին մարդուն նոր կենդանութիւն կը պարգեւէ («Մատեան Ողբերգութեան», Բան ՂԳ. 3): Սուրբ Միւռոնով դրոշմուած՝ մենք կը կազմենք հոգեղէն Եկեղեցին, որուն գլուխը Քրիստոս է եւ հիմքը՝ Տիրոջ առաքեալներն ու մեր Սուրբ Հայրերը, որոնց հաւատքի վէմին վրայ հաստատուած ենք որպէս Սուրբ Հոգիի Տաճար: Միւռոնի դրոշմը Տէրունապարգեւ նշանն է Քրիստոսի եւ Սուրբ Եկեղեցիին մեր պատկանելիութեան, յանձնառութիւն է անբասիր ու արդար կեանքով ապրելու, ստացած շնորհքները աւետարանական մշակներու նման շարունակ արդիւնաւորելու: Սրբալոյս Միւռոնի կնիքով կը հաստատուինք Քրիստոսապատուէր սիրոյ մէջ, կը զօրանանք սրբութեան ու կատարելութեան ճանապարհին մէջ, մեր առջեւ լուսաւորուած կը տեսնենք փրկութեան ուղին, կ՚ամրապնդուինք Տէրունապատգամ եղբայրասիրութեան ոգիով: Միւռոնի դրոշմով մեր ժողովուրդի զաւակներուն միջեւ կը հաստատուի զօրաւոր ու անխզելի այն հոգեւոր կապը, որ կը միաւորէ մեզ եւ կը պահպանէ իբրեւ մէկ ազգ ու ժողովուրդ:
- Ցաւով կ՚անդրադառնանք, որ այսօր չեն դադրած մեր ժողովուրդը իր հայրենական սրբութիւններէն, ազգային ինքնագիտակցութենէն զրկելու փորձերը, եւ նոյն ձեւով կը շարունակեն հարուածներ ուղղել դէպի հայոց հաւատքի անառիկ բերդը: Անցեալի թշնամիներուն պէս շատերը կը փորձեն նաեւ մեր օրերուն յարձակիլ Եկեղեցւոյ վրայ, աղճատել հայոց բիւրեղեայ հաւատքը, որպէսզի թուլնայ ու տկարանայ մեր ազգը, կորսնցնէ «վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց» ապրելու եւ պայքարելու վճռականութիւնը: Աղանդաւորական կազմակերպութիւններ եւ օտար գաղափարախօսութիւններ կը փորձեն քարկոծել հայոց գիտութիւնը, դպրութիւնն ու մշակոյթը, մեր ազգին ու հայրենիքին գոյութիւնը դարերու հոլովոյթի ընթացքին պահպանած ու պաշտպանած Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցին: Եւ եթէ անցեալին օտարները չարահնար յարձակումներ կը գործէին մեր հաւատքին, մեր Եկեղեցւոյ վրայ, ապա այսօր այդ սրբապղծութիւնը կը ջանան իրականացնել նաեւ հայորդիներու` աղանդաւորներու թակարդն ինկած մոլորեալներու, սրբութիւն չհանդուրժող անձերու, ինչպէս նաեւ վատ մտաւորականներու ձեռքով: Վստահ ենք, որ պատմութիւնը արդարացիօրէն պիտի դատապարտէ այդպիսիները, ինչպէս դատապարտուած են մատնիչներն ու ուրացողները:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ