ԵՒ ԱՒԱԳ ՈՒ ՆՈՒԻՐԱԿԱՆ ՇԱԲԱԹԸ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին աշխարհացրիւ իր հօտը փուլ առ փուլ կ՚առաջնորդէ Ս. Յարութեան տաղաւարը։ Այսօր արդէն սկսած է Աւագ շաբաթը, որու նուիրական օրերը կ՚ամրապնդեն հայ-քրիստոնեայ հաւատացեալները՝ հոգեւոր խոր ապրումներու ճանապարհին եւ առիթ կը դառնան հաւատքի վերանորոգութեան։ Հաւատացեալները անհամբեր են Ս. Զատկի աւետիսով զիրար ողջունելու։
Ծաղկազարդի երէկուան տօնը եկաւ ազդարարել Աւագ շաբթուան սկիզբը։ Տէր Յիսուսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի յիշատակութեան զուգահեռ, ըստ ընկալեալ սովորութեան տեղի ունեցաւ Մանուկներու օրհնութեան կարգ՝ ըստ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ սահմանուած աւանդութեան։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ծաղկազարդի երէկուան տօնակատարութիւններուն նախագահեց Վեհափառ Հայրապետը։
Ս. Պատարագէն վերջ, Նորին Սրբութեան հանդիսապետութեամբ, հանդիսաւորապէս աւանդական ուռենիի ճիւղերը օրհնուեցան Մայր Աթոռի բակէն ներս։ Վեհափառ Հայրապետը հանդիսապետեց նաեւ Մանուկներու օրհնութեան կարգին, որու ընթացքին հայրական ջերմ վերաբերմունքի եւ գուրգուրանքի առարկայ դարձուց փոքրիկ հաւատացեալները։ Մանուկներու օրհնութեան կարգին փոքրիկերը կը կրէին՝ ուռենիի օրհնեալ ճիւղերով պատրաստուած պսակներ։ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ անոնց ստացած օրհնութիւնը փոխեց նաեւ իրենց ընտանեկան յարկերուն մթնոլորտը։