Եկեղեցական

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն երիտասարդ ուխտաւորներ՝ գլխաւորութեամբ Ուաշինկթըն նահանգի Սիեթըլ քաղաքի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Վազգէն Քհնյ. Պոյաճեանի։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Արժանթինի դեսպան Ռաֆայէլ Կոնզալէս Ալեմանին։ Վեհափառ Հայրապետը նորանշանակ դեսպանը շնորհաւորեց դիւանագիտական առաքելութեան ստանձման առթիւ։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԷՆ ՊԱՏԱՆԻ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն պատանի ուխտաւորներ։

ԷՅՈՒՊԻ ՄԷՋ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Էյուպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան, որու առթիւ հոգեւոր ուրախութեան մթնոլորտ ստեղծուեցաւ պատմական թաղէն ներս։

Էջեր